2017-04-10 12:11:00

Վատիկանի մէջ սկսած է գործել աղքատներուն համար Քահանայապետի լուացարանը։


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետի ողորմաբաշխ գրասենեակի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ կը նշուի թէ 10 ապրիլ 2017-էն սկսաւ գործել աղքատներուն ի սպաս Քահանայապետի լուացարանը որ պիտի ծառայէ  վերջիններուս թոյլ տալու որ իրենց հագուստներն ու իրերը լուան եւ արդուկեն։

Սոյն ձեռնարկը իրականացուած է ընդառաջելով Քահանայապետի խնդրանքին շօշափելի դարձնելու համար Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ առթիւ ապրուած շնորհքի փորձառութիւնը։

Սոյն լուացարանը պիտի հանդիսանայ որպէս վայր,  եղբայրսիրութեան նշան ու ողորմածութեան ներգործութիւններու ծառայական կեդրոն, բազմաթիւ անձերուն, որոնք մեր եղբայրներն ու քոյրերուն են, վերադարձնելու համար իրենց արժանապատուութիւնը, գրուած է Քահանայապետի ողորմաբաշխ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ուր ապա նշուած է թէ ''Լուացարանի ծրագիրը կարելի եղաւ իրականացնել շնորհիւ ''Whirlpool'' միջազգային ընկերութեան ինչպէս նաեւ ''Procter & Gamble'' ընկերութեան աջակցութեան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.