2017-04-08 11:30:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 8 եւ 9 ապրիլի գործունէութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 8 ապրիլ 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան 10-ին, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը` կարդինալ Մարք Ուելլէն որմէ ետք ընդունեց Առաքելական Աթոռի կալուածներու մատակարարման նախագահը` Կարդինալ Տոմենիքօ Քալքանիոն. մինչ երեկոյեան 6,30-ին Սրբազան Քահանայապետը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հռոմի Տիրամօր Նուիրուած` ''Սանթա Մարիա Մաճճորէ'' պազիլիքային մէջ` թեմական գետնի վրայ նշուելիք երիտասարդներու համաշխարհային 32-րդ օրուան առթիւ կազմակերպուած աղօթքի  հսկումի արարողութեան­, որուն կը մասնակցին նաեւ Իտալիոյ Լացիօ Մարզի Եկեղեցական թեմերու երիտասարդները ու ''Քրաքովիայէն` Փանամա. Սիւնհոդոսը երիտասարդներուն հետ ընթացքի մէջ'' խորագիրով միջազգային հաւաքին մասնակցող 103 երկիրներէ ժամանած պատուիրակները։

Աղօթքի հսկումի ձեռնարկը կազմակերպած են Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի Քարտուղարութիւնը եւ Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի ժողովը համագործակցութեամբ Լացիօ Մարզի թեմերուն։

Հսկումը սկիզբ կ՛առնէ յետմիջօրէի 4-ին։ Ժամը 5-ին նախատեսուած է գեղարուեստական բաժին ու  վկայութիւններ։  Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանէն կը մեկնի 18,10-ին ուղղուելով Սանդա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքա ուր կը ժամանէ 18,30ին եւ կը նախագահէ աղօթքի հսկումի եզրափակիչ արարողութիւնը։

Իսկ կիրակի 9 ապրիլ 2017-ին, Ծաղկազարդի տօնին օրը, որուն առթիւ կը նշուի նաեւ երիտասարդներու համաշխարհային 32-րդ օրը, Նորին Սրբութիւնը առաւօտեան 10-ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը նախագահէ Արմաւիններու օրհնութեան կարգը, Յիսուսի Երուսաղէմ փառաւոր մուտքի յիշատակումի թափօրն ու սուրբ եւ անմահ պատարագը, որուն աւարտին կ՛արտասանէ նաեւ Մարեմեան աղօթքը։

Սրբազան արարողութեան կը մասնակցին նաեւ Փանամայէն ու Կեդրոնական Ամերիկայի այլ երկիրներէն ժամանած 200 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը որ Լեհ երիտասարդներու ձեռքէն`  պիտի ընդունին ԵՀՕ խորհրդանշական խաչն ու ''Հռոմի Ժողովուրդի Փրկութիւն - Salus Populi Romani'' Տիրամօր սրբապատկերը։

Յայտնենք թէ Խաչին ու սրբապատկերին փոխանցումի արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ ընդմէջ այն երիտասարդներուն որոնց երկիրն մէջ նշուեցաւ երիտասարդութեան միջազգային վերջին հաւաքը, այս պարագային Քրաքովիան, ու այն երիտասարդներուն` որոնց երկրին մէջ որոշուեցաւ տօնախմբել երիտասարդներու համաշխարհային յաջորդ հաւաքը այս պարագային Փանաման` 2019 թուականին։








All the contents on this site are copyrighted ©.