2017-04-06 15:05:00

Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստը


Ապրիլի 5-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ` նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստը, որուն մասնակցեցան գերատեսչութիւններու, սուրիահայերու խնդիրներով զբաղուող հասարակական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Սուրիահայերու բուժօգնութեան կազմակերպման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն եւ  յետագայ ընելիքներուն մասին զեկուցումով հանդէս եկաւ ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան աշխատակազմի հիւանդանոցային բուժօգնութեան քաղաքականութեան բաժինի պետ Վարդան Վարդազարեան: Զեկուցողը նշեց, որ ընդհանուր առմամբ բուժօգնութիւն  ցուցաբերուած է 1686 սուրիահայու: Բուժօգնութեան, ինչպէս նաեւ` սուրիահայ բժիշկներու աշխատանքի տեղաւորման հարցերը լուծուած են ժամանակին եւ բացթողումներ չեն արձանագրուած:

Սուրիահայ գործարարներու վերապատաստման եւ անոնց գործարարութեան կայացման ուղղուած ծրագիրներուն մասին զեկուցեց ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի տեղակալ Տիգրան Խաչատրեան: Զեկուցողը նշեց նախարարութեան կողմէ սուրիահայ գործարարներուն աջակցելու հինգ ուղղութիւններուն մասին, ներառեալ` գործարար ծրագիրներու ֆինանսաւորման, գործուածքներու եւ կաշեգործական արտադրութեան կեդրոն ստեղծելու, վարչապետին կից փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան խորհուրդի կազմին մէջ սուրիահայերու տնտեսական շահերը ներկայացնող մասնակից ընդգրկելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ:

Սուրիահայերու տնտեսական ընդելուզման թեման շարունակեց Գերմանիոյ միջազգային համագործակցութեան ընկերութիւն (GIZ) ծրագիրի ղեկավար Հանս Եոհաքիմ Զիննկան: Ան զեկուցեց սուրիահայերու տնտեսական ընդելուզման ուղղութեամբ իրականացուած եւ նախատեսուած ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ տնտեսական ման աշխատանքային խումբին գործունէութեան մասին: Համապարփակ բազմակողմանի զեկուցման մէջ GIZ ծրագիրին ղեկավարը նշեց, որ ստեղծուած է տուեալներու շտեմարան, աշխատանքային խումբ, ուր ընդգրկուած է սուրիահայերու տնտեսական ընդելուզման հարցերով զբաղուող 22 կազմակերպութեան ներկայացուցիչ:

Սուրիահայերուն ցուցաբերուած աջակցութեան եւ նախատեսուող ծրագիրները ներկայացուց Ամերիկայի հայ օգնութեան ֆոնտի Հայաստանի մասնաճիւղի ծրագիրի համակարգող Մանէ Խաչատրեան: Զեկուցողն անդրադարձաւ սուրիահայերուն ցուցաբերուած կրթական, տնտեսական, հումանիտար օգնութեան, որն ընդհանուր առմամբ կազմած է 67 հազար տոլար:

Ամփոփելով նիստը` սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր պետական, հասարակական, միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ կառոյցներուն կատարած աշխատանքի համար: Ան կարեւոր համարեց սուրիահայերու տնտեսական ընդելուզումը, խնդրեց բոլոր կազմակերպութիւններուն իրենց ծրագիրներուն որոշակի բաղադրիչ յատկացնել սուրիահայերու գործարար աջակցութեան: Նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Պէտք է անենք հնարաւոր ամէն ինչ, որպէսզի սիրիահայերի խնդիրները արագ եւ համակարգուած լուծում ստանան, եւ եւ նրանք հաստատուեն Հայաստանում»:








All the contents on this site are copyrighted ©.