2017-04-05 11:49:00

Արցախցի երեք ուսուցիչներ պիտի վերապատրաստուին Պէյրութի Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մէջ


ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ապրիլ 3ին ընդունած է Մարտակերտի Վարդան Մինասեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցի տնօրէն Մելսիդա Քարդումեանը, ուսուցիչներ Լուսինէ Սաիյեանը եւ Ռուզաննա Աւետիսեանը, որոնք «Դուն ի՞նչ կ՛ընես Արցախի համար» շարժման ծիրին մէջ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի հրաւէրով՝ կը մեկնին Պէյրութ՝ մասնակցելու ներառական կրթութեան մէկշաբաթեայ դասընթացքին: Այս մասին կը հաղորդեն Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Ողջունելով հիւրերը՝ նախարարը կարեւոր համարած է Պէյրութի Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին նախաձեռնութիւնը եւ նշած, որ դպրոցը այդպիսով կը փորձէ ամէն ինչ ընել, որպէսզի դառնայ «Դուն ի՞նչ կ՛ընես Արցախի համար» շարժման գլխաւոր մասնակիցը:

Նախարարը բարի ճանապարհ մաղթած է արցախցի ուսուցիչներուն եւ նշած. «Շատ լաւ պիտի ըլլար, որ ամուր կապուէիք Սփիւռքի ձեր գործընկերներուն հետ, անոնց փոխանցած գիտելիքները, փորձը, ներդնէիք հայրենիքի, Արցախի մէջ»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.