2017-04-03 09:21:00

ՄԱԿ Ղարաբաղի հարցով «առարկայական բանակցութիւններու» վերսկսման կոչ ուղղած Է


ՄԱԿ-ի քարտուղարութիւնը Ղարաբաղի հարցով «առարկայական բանակցութիւններու» վերսկսման կոչ ուղղած է` մատնանշելով ազրպէյճանական եւ հայկական կողմերը, որոնք պէտք է անհրաժեշտ քաղաքական կամք ցուցաբերեն: Ուրբաթ օր համապատասխան յայտարարութիւն հրապարակած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչի տեղակալ Ֆարհան Հաք:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի քարտուղարութիւնը հաշուի առած է Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցով Մինսքի խմբակի վերջին յայտարարութիւնը եւ լիովին կ՛աջակցի Երեւանին ու Պաքուին կատարուած կոչերուն` ձեռնպահ մնալու այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կրնան սասանել զինադադարի համաձայնագիրը:

«Մենք կ՛ողջունենք լարուածութիւնը նուազեցնելուն ուղղուած բոլոր ջանքերը, եւ կը դիմենք կողմերուն ցուցաբերելու բովանդակային բանակցութիւններուն վերսկսելու անհրաժեշտ քաղաքական կամք, որ պիտի նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման», ըսած է Հաք:








All the contents on this site are copyrighted ©.