2017-04-03 13:06:00

Կարդինալ Սանտրիին կոչը` հայող Սուրբ Երկրի ի նպաստ դրամահաւաքին։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Կոչ կ՛ընեմ մեր միասնական մարդկայնութեան, մեզ Քրիստոսի մէջ միացնող քրիստոնէական հաւատքին, որպէս դուն իսկապէս վեհանձն ըլլաս ու կարողանաս սատարդ տալ` Յիսուսին ապրած  տարածաշրջանի մէջ` Սուրբ Երկիրն մէջ խաղաղութեան հաստատումին, դառնալով դերակատար ու այս աշխարհի կառուցող'' այս է Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ կարդինալ Սանտրիին հրաւէրը ուղղուած հաւատացեալներուն ու հայող յառաջիկայ աւագ ուրբաթ օրուայ առթիւ կազմակերպուելիք Սուրբ Երկրի ի նպաստ դրամահաւաքին։

Սուրբ Երկրի ի նպաստ դրամահաւաքը Քահանայապետերու խնդրանքով նպատակ ունի ''ամուր պահելու Սուրբ Վայրերու ու համայն աշխարհի քրիստոնեաներու միջեւ կապը''։  Դրամահաւաքը որ աւանդութեան համաձայն կը կատարուի ամէն տարուայ Աւագ Ուրբաթ օրը, հիմնական կը նկատուի Սուրբ Վայրերու պահպանումին համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.