2017-04-01 09:08:00

''Իրաքի Քիւրտերը մօտ ապագային կրնան անկախութեան հանրաքուէ կատարել'' կ՛ըսէ Պարզանի։


Քրտական «Ռուտաու» կայքը կը հաղորդէ, որ Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ Իրաքի քիւրտերը կրնան մօտիկ ապագային անկախութեան շուրջ հանրաքուէ կատարել:

Աղբիւրը կը նշէ, որ Պարզանի լուրը Կութիերեսին յայտնած է անձամբ, եւ շեշտած, որ կը փափաքի, որ ՄԱԿ-ը այդ մէկը լսէ ինքնին իրմէ:

«Թող ամբողջ աշխարհը տեղեակ ըլլայ քիւրտ ժողովուրդի ցանկութեան եւ իր ապագան որոշելու վճռականութեան մասին», ըսած է Պարզանի:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը, իր կարգին, ընդգծած է, որ ՄԱԿ-ը պատրաստ է համագործակցելու իրաքեան Քիւրտիստանի հետ` ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ շրջանային շարք մը խնդիրներու լուծման հարցին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.