2017-03-23 12:59:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 23 մարտի քարոզը` ՝՝Երբ կարծր սիրտ ունինք անաստուած կաթողիկէներ կը դառնանք՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 23 մարտի առաւօտեան, Ֆրանչիսկսո Պապ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցանեց Սուրբ Պատարագի զոհը եւ այս առթիւ կատարած խորհրդածութեան նիւթ ընտրեց Սուրբ Գրային ընթեցումներէն քաղուած Երեմիա Մարգարէի գիրքէն հատուածը,  ուր կը խօսուի Աստուծոյ խօսքի ունկնդրութեան մասին։

Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ  յորդորեց,  որ մտիկ ընենք Աստուծոյ ձայնին, որպէսզի մեր սրտերը չի կարծրանան, նկատել տալով թէ երբ  հեռանանք Աստուծմէ, խուլ կը դառնանք, այնուհետեւ կը դառնանք անհաւատարիմ կաթողիկէներ, նոյնիսկ անաստուած կաթողիկէներ։

Այս ուղղութեամբ , Ֆրանչիսկոս Պապ  հրաւիրեց պահ մը կանգ  առնել,  մեր սրտերը քննել` անդրադառնալու համար, որ քանի անգամներ խուլ ձեւացուցած ենք մենք զմեզ Աստուծոյ խօսքին ու նշեց թէ երբ ժողովուրդ մը , հասարակութիւն մը եւ ժողովրդապետութիւն մը իրենց ականջները  խփեն  եւ խուլ  դառնան, անոնք կը սկսին փնտռել այլ ձայներ, այլ տէրեր, ու կը դասուին կռապաշտներու շարքին, աշխարհի, ընկերութեան ընծայած կուռքերուն դիմաց։ Ֆրանչիսկոս Պապ ազդարարեց, որ Աստուծոյ խօսքին մտիկ չ՝ընելը  եւ սրտի կարծրացումը  պատճառ կը դառնան անհաւատարմութեան, շփոթութեան կը մատնէ եւ իր գագաթնակէտը կը գտնէ հայհոյանքի մէջ։  

Քարոզի աւարտի Սրբազան Հայրը հրաւիրեց մենք մեզի հարց տալու եթէ կ՝անսանք Աստուծոյ խօսքին, եթէ  Սուրբ Գիրք կը կարդաննք ինչպէս նաեւ հարց տալ  եթէ հեռացած ենք Տիրոջմէ։

՝՝Այսօր ունկնդրելու օր է՝՝ ըսաւ  Ֆրանչսիսկոս Պապ, հրաւիրելով չկարծրացնել մեր սրտերը եւ ասոր համար Տիրոջմէ խնդրել`   ունկնդրելու շնորհքը, որպէսզի մեր սրտերը չկարծրանան։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.