2017-03-17 08:14:00

Փայլան եւ Տողան անընդունելի կը նկատեն Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի ընտրութիւններուն միջամտելը։


Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան հայ երեսփոխան Սելինա Տողան եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան անդրադարձած են Պոլսոյ  նահանգապետարանին կողմէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարան ուղարկուած գրութեան, որով պետութիւնը կը միջամտէ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին: Լուրը, «Ակօս» շաբաթաթերթին յղումով, հաղորդած է «Էրմենի Հապեր»-ը:

Կարօ Փայլան կատարուածը բնորոշած է «յեղաշրջում» բառով` նշելով, որ պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան պատրիարքարանը ղեկավարած է իբրեւ հոգաբարձու (պետութեան կողմէ նշանակուած անձ): Այժմ ան եւ այն իշխանաւորները, որոնց հետ կապի մէջ էր Արամ արք. Աթեշեան, որպէսզի իր պաշտօնի շարունակականութիւնը ապահովէ, յեղաշրջում կը կատարեն:

«Մենք այս մէկը չենք ընդունիր, պէտք չէ ընդունինք:  Տեղապահի ընտրութիւն կատարուած է, երկու թեկնածուներէն մէկը ընտրուած է: Բոլորս պէտք է յաղթողը շնորհաւորենք եւ արագացնենք պատրիարքի ընտրութեան աշխատանքները», ըսած է Փայլան:

Սելինա Տողան եւս անընդունելի նկատած է նահանգապետարանին միջամտութիւնը: Ըստ Տողանի, միջամտութիւնը որեւէ իրաւական հիմք չունի:

Ան նշած է, որ եթէ նահանգապետարանը կը մտահոգուի հայ համայնքին հարցերով, ապա պէտք է ականջալուր ըլլայ համայնքին եւ չմիջամտէ գործընթացին: Այդ միջամտութեամբ, ըստ երեսփոխանին, գործընթացը աւելի բարդացաւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.