2017-03-12 10:47:00

Կիրակի 12 Մարտ 2017 Երրրորդ կիրակի Քառասնորդաց` Անառակ որդւոյն առակը։


Ելլեմ երթամ Հօրս մօտ (Ղուկաս 15, 11-32)

Երբ այս աւետարանը կարդացուի, կը խօսուի անառակ որդիի առակին մասին. Սակայն իմ կարծիքովս, պէտք է զայն կոչել` Ողորմած հօր առակը։ ստուգիւ, եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ այս առակին ընթերցումով, քառասնորդաց շրջանին, ապաշխարելու եւ երկնաւոր մեր Հօրը ողորմութեան վրայ վստահելու։

Որդւոյն գործած յանցանքը կրկնակի է, որովհետեւ նախ` իր ժառանգութիւնը կը պահանջէ հօրը ողջութեան ատեն եւ երկրորդ` կը լքէ իր տունը եւ կ՛երթայ աշխարհ, անառակ կեանք մը ապրելու համար, հեռու իր ընտանիքէն։ Ամէն երիտասարդ, երբ որոշ տարիքի մը հասնի, կ՛ուզէ ազատուիլ հօր եւ մօր իշխանութենէն, ազատ ու անկախ ապրիլ եւ իր բոլոր փափաքները իրականացնել անսանձ կեանք մը ապրելով. Սակայն չ՛անդրադառնար թէ այսպէսով կը հեռանայ զինք սիրող եւ իր վրայ գուրգուրացող իր ծնողքէն ու հարազատներէն, կարծելով գտնել այդ սէրը ուրիշ շրջանակներու մէջ։

Փորձառութեան շրջան մը կայ կեանքին մէջ զոր կամայ թէ ակամայ, ամէն անձ կ՛ապրի, որու ընթացքին, վստահած իր անձնական ուժերուն, կը փորձէ կանգուն մնալ եւ դէմ դնել ամէն տեսակի դժուարութիւններու։ Իսկ եթէ այս առակը հոգեւոր գետնի վրայ դնենք, պիտի տեսնենք թէ ինչպէս ամէն մարդ, տակաւ առ տակաւ կը հեռանայ Աստուծմէ եւ իր ստացած կրօնական ու բարոյական սկզբունքները անտեսելով, կ՛ապրի այնպիսի կեանք մը ուր ամէն ինչ միայն նիւթականի կը կապուի։

Մեր ամէնուս կեանքին մէջ, նիւթականը այնքան մեծ տեղ գրաւած է, որ յաճախ կը մոռնանք մեր հոգիով զբաղիլ, կամ գէթ մտածել թէ անմահ հոգի մը ունինք, որուն փրկութեան համար եւս ջանք պէտք է թափենք. Չկարծենք թէ երկնքի դռները լայն բացուած են մեր առջեւ եւ Տէրը ձեռքերը բաց` կը սպասէ մեր ժամանումին։

Այո, Տիրոջ ձեռքերը, սիրող հօր մը նման միշտ պատրաստ են մեզ ընդունելու, սակայն պայմանաւ որ մենք կատարենք առաջին քայլը դէպի մեր Արարիչն ու Հայրը։ Նման անառակ որդիին, որ վերջապէս մտածեց, յետին չքաւորութեան մէջ, թէ ինք հայր մը ունի, ընտանիք մը ունի եւ հոն` կարող է գտնել ամէն հանգիստ եւ օգնութիւն. Ինքnիրեն ըսաւ. Ելլեմ երթամ հօրս մօտ եւ խնդրեմ որ զիս ընդունի հօրենական տան մէջ, գէթ որպէս մէկը իր ծառաներէն։

Ապաշխարութեան առաջին քայլը կը կայանայ իր կացութենէն դուրս գալու մէջ, ցեխէն վեր բարձրանալու մէջ։ Ելլեմ մեղքերու տիղմէն, դուրս գամ նիւթական եւ այլ մտահոգութիւններու մղձաւանջէն, որպէսզի կարենամ իմ հոգիիս մասին խորհիլ եւ զղջալով իմ անցեալ կեանքին վրայ, ջանամ մօտենալ իմ նախնական արդարութեանս եւ անմեղութեանս, Տիրոջ հոգածու խնամքին ներքեւ։

Այս առակը մեզի ցոյց կու տայ թէ Տէրը ամէն օր անհամբեր կը սպասէ մեզի եւ պատրաստ է տալու մեզի մեր նախնական փառքն ու հանգստութիւնը, նոյնիսկ եթէ մենք մեզ արժանի չենք համարեր անոր։ Մեր վրայ պիտի դնէ անմեղութեան պատմուճանը եւ մեզի պիտի ընծայէ իր ամենաթանկագին նուէրը. Մեր մատին պիտի անցընէ ոսկիէ մատանին, որպէսզի մեզի տայ այն իշխանութիւնը որ ունէինք երբ որոշեցինք լքել զինք եւ հեռանալ իրմէ։ Ի վերջոյ պարարտ եզին զոհը մեզի պիտի ընծայէ այն համոզումը թէ մեր տեղը երբեք չէ կորսուած, այլ մեծ խնամքով պահպանուած է։

Երկնքի արքայութիւնը ահա մօտեցած է. Ապաշխարանքով ու աղօթքով միայն պիտի կարենանք մտնել այնտեղ, եւ գրաւել մեզի յատկացուած տեղը. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան








All the contents on this site are copyrighted ©.