2017-03-09 08:11:00

Քառասնորդացի խորհրդածութիւնները Վատիկանի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 10 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան 9-ին, Քահանայապետական Տան Քարոզիչը` Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսան, Վատիկանի  Ռետեմթորիս Մաթեր մատրան մէջ, կը ներկայացնէ քառասնորդաց շրջանի առաջին խորհրդածութիւնը` որուն կեդրոնական նիւթը կը հանդիսանայ ''Ոչ ոք կարող է ըսել Յիսուս Տէրն է եթէ ոչ Սուրբ Հոգիով'' (Ա Կորընթաց. 12,3)։

Շարունակելով Սուրբ Հոգւոյն մասին անցեալ Յիսնակացին սկսած խորհրդածութիւնները Քահանայապետական Տան Քարոզիչը` Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսան կ՛ուզէ այդ խորհրդածութիւններու ընդմէջէն լուսարձակի տակ դնել Սուրբ Հոգւոյն ներգործութիւնները ու Անոր դէպի Յիսուս Քրիստոսի ու անոր Զատկական խորհուրդի լիակատար ճշմարտութեան առաջնորդելու գործը։

Յայտնենք թէ այս խորհրդածութեան նիստերուն  ընդհանրապէս կը մասնակցի նաեւ Քահանայապետը, սակայն տրուած ըլլալով որ Ան այս օրերուն կը գտնուի Արիչչա` Հոգեւոր կրթութեան համար, պիտի չի կարենայ ներկայ գտնուիլ Վատիկանի  մէջ  կայացած քառասնորդացի խորհրդածութիւններու առաջին նիստին։  








All the contents on this site are copyrighted ©.