2017-03-08 12:35:00

Հայր Սամիր Խալիլ''Քրիստոնեայ ընտանիքները կը շարունակեն փախուստ տալ Սինա թերակղզիէն''


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ղպտի եօթը հաւատացեալներու ՝ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ սպանութենէն ետք,  Եգիպտոսի   քրիստոնեայ ընտանիքները   կը շարունակեն փախուստ  տալ Սինա թերակղզիէն''։ Այս մասին Վատիկանի Ռատիոկայանի  տեղեկութիւններ փոխանցած է  Հռոմի Քահանայապետական արեւելեան  կաճարի  մահմետական կրօնքի գիտելիքներու դասատու,  եգիպտացի Յիսուսեան միաբանութեան անդամ՝ հայր Սամիր Խալիլ Սամիր։

''Վերջին ամիսներուն   մահմետական ծայրայեղականներու քրիստոնեաներուն դէմ կատարած յարձակումները աճած են ։ Անոնք կ՝ուզեն Սինա Թերակղզին ամբողջութեամբ  իրենց հակակշռին տակ առնել ՝ ստեղծելու համար  նոր ազատագրուած շրջաններ, հաշուի առնելով, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կորսնցուցած են իրենց տիրապետութեան տակ  գտնուող լայն տարածքներ'' ըսած Է հայր Սամիր  աւելցնելով,  որ ծայրայեղական  մահմետականներուն կարծիքին համաձայն ՝ Քրիստոնեաները  թշնամիներ են։  Ան ապա անդրադառնալով Եգիպտոսի կառավարութեան Ղպտի Քրիստոնեաներու պաշտպանութեան  ի գործ դրած ջանքերուն, յայտնած է,  թէ այդ ջանքերը բաւարար չեն։

Ակնարկելով Ալ Ազհար Համալսարանի մէջ  վերջերս կայացած  ՝՝ազատութիւն եւ քաղաքացիութիւն համագումարին ընթացքին ՝՝Ալ Թայյիպ՝՝ աւագ  իմամի խօսքերուն, ուր աւագ Իմամը  խստիւ դատապարտած է Սինա թերակղզիի մէջ քրիստոնեաներու դէմ կատարուած բռնութիւնները,   Հայր Սամիր յայտնած է  , թէ Աւագ Իմամի  խօսքերը անկեղծ խօսքեր են .սակայն այդ մէկը, գործնականին մէջ ոչ մի բան կը փոխէ , թէեւ նկատել տուած է Հայր Սամիր` Ալ Ազհարի համագումարը մեծ կարեւորութիւն ունի ,  որովհետեւ  անկէ բխած է  կրօնքի պատճառաւ քաղաքացիներու միջեւ  խտրութիւն չկատարելու հրամայականը։ ''Կամ բոլորս քաղաքացիներ ենք կամ ազգ  մը գոյութիւն չունի''  շեշտուած է Ալ Ազհար համագումարի ընթացքին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.