2017-03-04 09:02:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարտ - Ապրիլ ամիսներուն գլխաւորած արարողութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Ըստ Քահանայապետական Ծիսակատարութիւններու գրասենեակին հրատարակած հաղորդագրութեան`Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորելիք արարողութիւններու շարքը կը սկսի,  ուրբաթ 17 Մարտի յետմիջօրէին, Անոր Սուրբ Պետրոսի մէջ գլխաւորած ապաշխարութեան ծիսակատարութեամբ­, որուն 25 Մարտին կը յաջորդէ Ֆրանչիսկոս Պապին Միլանօ թեմին կատարելիք հովուական այցելութիւնը, Աւետման տօնին օրը ըստ լատիոնաց.

Ապրիլ ամսուայ ընթացքին նախատեսուած արարողութիւններու շարքը սկիզբ կ՛առնէ Նորին Սրբութեան Քարփի կարարած հովուական այցելութեամբ` Կիրակի 2 Ապրիլ 2017-ին, հուսկ կիրակի 9 ապրիլին, Ծաղկազարդի տօնին առթիւ­, Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը գլխաւորէ Ծաղկազարդի թափօրը ապա կը հանդիսապետէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան։

Ծաղկազարդի տօնին կը յաջորդէ աւագ շաբաթը` որուն ընթացքին նախատեսուած են զանազան արարողութիւններ, սկսեալ Հինգշաբթի 13 Ապրիլէն։ Աւագ Հինգշաբթի օր` առաւօտեան 9.30-ին Սրբազան Քահանայապետը կը գլխաւորէ  Միւռոնի օրհնութեան Սուրբ պատարագը որուն առթիւ եկեղեցական դասը կը վերանորոգէ իր ուխտերը։ Հուսկ, աւանդութեան համաձայն, յետմիջօրէին, կը կատարէ ոտնլուայի արարողութիւնը, վայրի մը մէջ ուր ընդհանրապէս կ՛ապրին ընկերութենէն մեկուսացուած անձեր։

Ուրբաթ 14 Ապրիլին, Աւագ Ուրբաթ է, յիշատակը՝ Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքներուն և խաչելութեան։ Սրբազան Քահանայապետը, յետմիջօրէին, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Յիսուսի չարչարանաց ծիսակատարութիւնը, որուն կը յաջորդէ խաչի երկրպագութեան յուզիչ արարողութիւնը։ Ապա գիշերուայ ժամը 9.15ին Ան կը մասնակցի ճանապարհ խաչի բարեպաշտական աղօթքին­, զոր աւանդութեան համաձայն տեղի կ՛ունենայ Քոլոսսեումի ամփիթատրոնի տարածքին։ ։

Շաբաթ 15 ապրիլին Քրիստոսի յարութեան ճրագալոյցն է, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, գիշերուայ ժամը 8.30-ին կրակավառութեամբ ու լուսաւորուած մոմերու թափօրով սկիզբ կ՛առնէ ճրագալոյցի արարողութիւնը որուն կը յաջորդէ Սուրբ Գիշերուայ Զատկական հսկումի արարողութիւնը։

Կիրակի,16 Ապրիլ 2017-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշաբար Յարութեան տօնին առթիւ Նորին Սրբութիւնը առաւօտեան 10.00ին  Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը գլխաւորէ հանդիսաւոր սուրբ պատարագը որուն աւարտին  Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն,  համայն աշխարհին կ՛ ուղղէ ''Urbi et Orbi – Հռոմ քաղաքին ու համայն աշխարհին'' աւանդական առաքելական պատգամն ու օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.