2017-02-23 08:42:00

Սրբոց Վարդանանց հանդիսաւոր տօնահանդէս Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ։


Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 22 փետրուարի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց հանդիսաւոր տօնահանդէս:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքը արտասանեց Դալար Աթեշեան, որ նշեց, թէ այսօր յիշատակի տօնն է այն հերոսին, որ ճակատեցաւ պարսից հսկայ բանակին դէմ` պաշտպանելու համար ազգ մը ամբողջ զրադաշտականութեան աղանդէն: Այս հերոսը մեր ազգի տիպար Վարդան Մամիկոնեանն է, որուն սուրբ արեամբ օծուած է հայոց պատմութիւնը: Աթեշեան ընդգծեց, որ Վարդան Մամիկոնեան եւ Աւարայրի ճակատամարտի հերոսները հաւատքի պատերազմը ապրեցան եւ իրենց արեան գնով պաշտպանեցին իրենց հաւատքը, որպէսզի հայ ազգը պահէ իր ազգային ինքնութիւնը, լեզուն եւ քրիստոնէական հաւատքը:

«Այս եղաւ Վարդան Մամիկոնեանի սրբազան պատգամը, որ փոխանցուեցաւ մեզի, եւ որ եղաւ նաեւ հիմնական խթան հայ ազգի գոյատեւման», ըսաւ Դալար Աթեշեան` աւելցնելով, որ «ներկայ դարուս հպարտօրէն կը վկայենք, որ հայ ազգը, ո՛ւր ալ գտնուի եւ ինչպիսի՛ մարտահրաւէրներու ալ հանդիպի, հաւատարիմ կը մնայ Մամիկոնէից պատգամին»:

Աթեշեան յայտնեց, որ պիտի մնանք հաւատարիմ Մամիկոնէից ուխտին, պիտի շարունակենք միասնականութեան երթը եւ պիտի պայքարինք հայկական շունչով` մնալու հայ, քրիստոնեայ, քաջ եւ թոռը Վարդանի: Այնուհետեւ ան ներկայացուց օրուան յայտագիրը:

Գեղարուեստական յայտագիրին առաջին բաժինով «Բլբուլ» մանկապատանեկան երգչախումբը` ղեկավարութեամբ խմբավար Մանուէլ Քէշիշեանի, կատարեց «Տալւորիկի քաջեր» եւ «Բամբ որոտան» երգերը, Սթեֆանի Պալթայեան ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց»-ը, Գէորգ Քէշիշեան տուտուկի վրայ նուագեց Մ. Եկմալեանի «Լռեց, ամպերը եկան»-ը, իսկ Մարինէ Հալլաճեանէ, Սեւան Յովակիմեանէ, Շարպել Պու Անթունէ եւ Մունիր Մահմալաթէ բաղկացած ջութակի եւ թաւջութակի քառեակը ներկայացուց Կոմիտասի «Ծիրանի ծառ», «Հոյ նազան» եւ «Վաղարշապատի պար» նուագները:

Օրուան պատգամը փոխանցեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ նախ նշեց, թէ ամէն անգամ որ այդ սրահին մէջ բեմ կը բարձրանայ կամ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին շրջափակին մէջ որեւէ ձեռնարկի ընթացքին առիթ կ՛ունենայ խօսք արտասանելու, միշտ պարտք կը զգայ իր երախտագիտութիւնը յայտնելու այս կրթական կառոյցի եւ եկեղեցւոյ բոլոր պատասխանատուներուն, որոնց շնորհիւ ինք կրցած է ազգային դաստիարակութիւն ստանալ, ուսում ամբարել, եւ եթէ այսօր ան կրցած է տեղ հասնիլ, ուր կը ծառայէ իր հայրենակիցներուն ապա ասիկա, իր ծնողքին եւ կուսակցութեան կողքին, կը պարտի այդ վարժարանին ու եկեղեցւոյ:

Նախարար Կիտանեան խօսեցաւ իր անձնական փորձառութեան մասին, ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս ամիսներ առաջ, երբ այցելած է Իրան, ներքին շրջապտոյտի ծիրին մէջ եղած է նաեւ Ատրպատականի շրջանին մէջ եւ ականատեսը եղած է այն վայրին, ուր 451 թուականին տեղի ունեցած է Աւարայրի ճակատամարտը: «Պատկերացուցէք, որ երբ ինքնաշարժէն դուրս եկանք եւ այդ հողին վրայ սկսանք քալել, մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին մեր միտքին մէջ գծուած պատկերը Աւարայրի ճակատամարտին մասին պահ մը իրականութիւն դարձաւ, որովհետեւ ես կը քալէի այդ հողին վրայ, որ այս սրբազան պատերազմը տեղի ունեցաւ», ըսաւ նախարար Կիտանեան` աւելցնելով, որ ինք այդ պատերազմը սրբազան կը կոչէ, որովհետեւ, հակառակ զինուորապէս անոր ձախող ելքին, մենք ազգովին անկէ յաղթական դուրս եկած ենք: Ինքնութիւն եւ ազգային ուրոյն նկարագիր պահպանելու համար օրին որոշուած է անհաւասար պատերազմ մղել, բայց այդ պատերազմին ինկած նահատակներուն շնորհիւ մենք մինչեւ այս պահը կը յիշենք զիրենք, հանդիսութիւններով կը պանծացնենք անոնց անունը, հայերէն կը խօսինք ու խաչ կը հանենք:

«Այս երեւոյթն է, որ ամէնէն յատկանշական է Աւարայրի ճակատամարտին եւ Վարդանանց տօնակատարութեան մէջ: Այս սրբութիւնն ու խորհուրդն է, որ մինչեւ այսօր մեզ պահած է եւ մեր մէջ դրած այն, որ իբրեւ ազգ եւ մէկ ամբողջութիւն մենք պիտի շարունակենք մեր պատմութիւնը: Մեր պատմութեան բոլոր էջերը լեցուն եղած են Աւարայրի ճակատամարտներով: Մենք այսօր նաեւ կը մղենք Աւարայրի ճակատամարտ, որովհետեւ մենք այսօր նաեւ ինքնութեան պատերազմ ունինք ամէնուրեք, որովհետեւ մենք այսօր նաեւ մենք մեզ պահելու, մեր ազգութիւնը, լեզուն, կրօնը պահելու պատերազմ ունինք», ըսաւ Աւետիս Կիտանեան:

Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինով Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Արծիւեան» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ խմբավար Մանուէլ Քէշիշեանի, մեկնաբանեց Շնորհալիի «Նորահրաշ»-ը, Կոմիտասի «Հիմի էլ լռենք»-ը, Ալեմշահի «Իմ հեռաւոր հայրենիք»-ը եւ Ջիւանիի «Աւարայրի դաշտ»-ը:

Հակիրճ խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Պերճ վրդ. Սապէ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին տօնահանդէսի յաջողութեան եւ հրաւիրեց ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իր պատգամը ուղղելու:

«Աստուած ուզեց, որ մենք հայ ծնինք, մեր լեզուով գովաբանենք Զինք, մեր շարականներով երգենք ու մեր երախտագիտութիւնը յայտնենք Իրեն: Վարդանանց պատգամը յայտնի է բոլորիս` «Վասն կրօնից եւ հայրենեաց»: Կրօնը ի՞նչ է, կրօնը միջոց մըն է, որ ճանչնանք մեր Տէրը, Արարիչը, Աստուածը, որ ո՛չ միայն մեզ ստեղծած է, այլ տիեզերքը ստեղծած է մարդուս համար: Երկիր դրախտավայրն ալ մեզի տուած է: Ի՛նչ փոթորիկներէ անցած ենք: Ինչպէս յիշեցուց պարոն նախարարը, շատ քիչ ժամանակներ մենք վայելեցինք իսկական ազատութիւն մեր հայրենիքին մէջ: Բայց ի վերջոյ հայրենիքը միայն հող չէ, քարեր չեն: Ո՛ւր որ գացած է հայը, իր սրտին մէջ տարած է իր հայրենիքը», ըսաւ ամենապատիւ հոգեւոր տէրը:

Հոգեւոր տէրը ըսաւ, որ 25 մայիս 451-ին հայկական բանակը ամբողջ գիշերը աղօթեց, անոնք, որոնք չէին մկրտուած, մկրտուեցան եւ սուրբ հաղորդութիւն առին, որովհետեւ գիտէին, որ յաջորդ օրը պիտի պարտուէին կայսերական բանակին դիմաց: «Փոթորիկը անցաւ, ճիւղերը ինկան, բայց բունը մնաց, եւ բարոյական ու կրօնական յաղթութիւնը մենք տարինք` հաւատարիմ մնալով մեր կրօնին ու Աստուծոյն: Եւ կայսերական բանակը հրաժարեցաւ մեզի պարտադրելէ իր կամքը», ըսաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը:

Տօնահանդէսը վերջ գտաւ հոգեւոր տիրոջ պահպանիչով եւ Տէրունական աղօթքով:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.