2017-02-14 08:17:00

Հայաստան Մարդասիրական Օգնութիւն ուղարկեց Սուրիա


Այսօր` 14 Փետրուարին, «Էրեբունի» օդակայանէն բեռնատար օդանաւը Սուրիա տեղափոխեց 40 թոն  մարդասիրական օգնութիւն: Անիկա կը  ներառէ պարէն, առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ:

«ՀԱՊԿ ծիրէն ներս եղած է Ռուսիոյ առաջարկը, համադրել ջանքներն ու օգնութիւն ուղարկել Սուրիա: Մենք շատ շնորհակալ ենք Ռուսիոյ բեռնատար օդանաւի տրամադրման համար, որ հնարաւոր կը դարձնէ այս օգնութեան տեղափոխումը»,- լրագրողներուն յայտնած է Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան:

Նախարարը շեշտած է ծանր վիճակի մէջ գտնուող Սուրիոյ ժողովուրդին օգնութեան տրամադրումը, քանի որ Հայաստանն ալ շատ անգամներ զգացած է մարդասիրական օգնութեան կարեւորութիւնը:

«Բարեկամ Սուրիոյ պարագային ատիկա առանձնապէս կարեւոր է: Մենք շատ լաւ կը յիշենք, որ մէկ դար առաջ արհաւիրքի ժամանակ Սուրիան բացաւ իր դռները հայ ժողովուրդին առաջ: Մենք յոյս ունինք, որ օր առաջ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն հաստատուի եւ մարդիկ կարենան վերադառնալ բնականոն կեանքի»,-ըսած է նախարարը:

Անոր խօսքով, մինչ այդ Հայաստանը պատրաստ է ու աջակցելու բարեկամ երկրի ժողովուրդին:

Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Բալայեան յայտնեց, որ Հայաստանի մարդասիրական օգնութեամբ օդանաւը վայրէջք կատարած է Սուրիա:

Յիշեցնենք, Սուրիական հակամարտութենէն տուժած բնակիչներուն մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելու նպատակով ՀՀ կառավարութիւնը պահուստային ֆոնտէն յատկացուցած է աւելի քան 46 միլիոն դրամ:

ՀՀ նախագահի յանձնարարութեամբ սուրիական հակամարտութենէն տուժած բնակիչներուն աջակցելու համար անցեալ տարուան Հոկտեմբեր 3-ին, ապա 5-ին Երեւանէն Սուրիա մեկնած է մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող երկու օդանաւ: Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական օգնութեան բեռներուն վրայ մակագրուած էր. «Խաղաղութեան ջերմ մաղթանքներով Հայաստանէն` Սուրիոյ եղբայրական ժողովուրդին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.