2017-02-12 10:17:00

Կիրակի 12 Փետրուար 2017 - Ճշմարիտ հացը որ երկնքէն կու գայ (Յովհաննէս Զ. 22-38)


Մինչ ժողովուրդը Քրիստոսի շուրջը կը դառնայ, սպասելով հացերու նոր հրաշքի մը, Տէրը կը հրաւիրէ զիրենք ճաշակելու ճշմարիտ հացէն։ Բնական է որ ժողովուրդը Յիսուսի ետեւէն երթայ, ականատես ըլլալէ ետք հացերու եւ ձուկերու բազմացումի սքանչելի հրաշքին։ Անոնք պատրաստ են նոյնիսկ զինք թագաւոր հռչակելու եւ, թողլով դպիրներն ու փարիսեցիները, իր վարդապետութեան հետեւելու. Ահա ինչ որ պէտք էր որպէսզի այս վերջինները գային ու հակադարձէին եւ իրենց հարցաքննութիւններով` Տէրը նեղի մատնէին։

Հրէաներու գլխաւոր պատճառաբանութիւնը այս է. Եթէ դուն հացերը բազմացուցիր, Մովսէս ալ` անապատին մէջ տեղացուց մանանան, որով մեր հայրերը կշտացան. Դուն Մովսէսէն աւելի ի՞նչ բան կրնաս ընել։ Յիսուս նախ կը սրբագրէ զիրենք. Մովսէս չէ որ տուաւ հացը, այլ երկնաւոր հայրը որ տեղացուց մանանան երկնքէն։ Հակառակ ասոր, այն անձերը որ կերան այդ հացէն, վերջը` մեռան։ Արդ հիմա, նոյն Հայրը պատրաստ է ամէնուն տալու հաց մը որ միշտ կենդանի կը պահէ։

Հացը, որ կը խորհրդանշէ կերակուրը, անհրաժեշտ է մարդոց կեանքին համար։ Այն որ երկար ժամանակ զրկուի կերակուրէ, կրնայ սովամահ մեռնիլ. Աշխարհի վրայ կան տակաւին երկիրներ ուր` մասնաւորապէս մանուկները սովամահ կը մեռնին, մինչ անդին, հարուստ երկիրներու մէջ, մարդիկ կը տառապին գիրութենէ, որ յաճախ արդիւնքն է շատակերութեան։ Անոնք կը ջանան իրենք զիրենք ենթարկել զանազան խիստ սննդականոններու, որպէսզի նիհարնան եւ վերագտնեն իրենց ներդաշնակ մարմնի ձեւը, իսկ ոմանք` վերստանալու համար իրենց առողջութիւնը։

Մարդս իր բոլոր կեանքի ընթացքին կ՛աշխատի որպէսզի կարենայ իր օրական ապրուստը ճարել, անօթի չմնալ եւ շարունակել ապրիլ մինչեւ իր կեանքի վերջին օրը. Կ՛աշխատի նաեւ յարմար բնակարան մը ունենալու համար եւ կարենալու իր կեանքը պարկեշտ ու մարդավայել կերպով ապրիլ։ Այս բոլորը շատ բնական է եւ օրինաւոր, ինչ որ կ՛արտօնէ մարդս փնտռելու իր առօրեայ հացը։

Յիսուս կ՛ուզէ մեզի բացատրել թէ հացը, նոյնիսկ եթէ անհրաժեշտ է մարմնաւոր կեանքին համար, չի կրնար ըլլալ կեանքի գլխաւոր նպատակը. Ուրիշ բան մը կայ, մարմնաւոր կեանքէն անդին, որուն սնունդը հացով չի կրնար ըլլալ։ Ասոր համար է որ ինք եկած է աշխարհ տալու այդ հոգւոյ սնունդը, ճշմարիտ հացը, որ կը պարգեւէ յաւիտենական կեանքը։ Իսկ որպէսզի մարդիկ հաւատան թէ ինք կարող է տալու այդ հոգեւոր հացը, հրաշք կը գործէ, տալով անոնց առատօրէն մարմնաւոր հացը։

Ո՞րն է այդ հացը որ երկնքէն կու գայ եւ կեանք կու տայ. Այդ հացը Յիսուսի խօսքն է. Ով որ հաւատայ իրեն, ընդունելով իր խօսքին ճշմարտութիւնը, պիտի ընդունի իր մէջ յաւիտենական կեանքի սերմը, որով պիտի ապրի երջանիկ, լեցուած այն յուսով թէ ինք պիտի տիրանայ անանց ու յաւիտենական երջանկութեան։ Իսկ Քրիստոսի խօսքը կը նոյնանայ ինք իր անձին հետ, երբ կ՛ըսէ. Ես եմ երկնքէն իջած կեանքի հացը։ Կը բաւէ ընդունիլ զինք որպէս իսկական փրկիչն աշխարհի որպէսզի երբեք չանօթենանք։

Սիրելի հաւատացեալներ, մենք ամէն կիրակի կրնանք ընդունիլ այս երկնաւոր հացը, երբ մօտենանք խորանին ու հաղորդութիւն առնենք. Ուստի չզրկենք մենք մեզ այս կեանքի հացէն, որպէսզի ապահովենք մեր յաւիտենական երջանկութիւնը. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Ծ. Վ. Քէլէկեան








All the contents on this site are copyrighted ©.