2017-01-28 09:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապին աջակցութիւնը ԱՄՆ-ի մէջ կեանքի ի նպաստ քայլարշաւին։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Այնքան մեծ է մարդկային կեանքի արժէքը եւ այդքան անքակտելի է` մօր արգանդին մէջ աճող  անմեղ մանուկի կեանքի իրաւունքը, որ ոչ մի ձեւով կարելի է` օրինական դարձնել այդ կեանքի մասին որոշումներ առնելու իրաւունքը, որ երբեք կարելի չէ այլ մարդ էակի տիրապետութեան ենթակայ դառնայ''։ Այս խօսքերով է որ Սրբազան Քահանայապետը պատգամ յղեց`  27 Յունուարին Միացեալ Նահանգներու մէջ նշուած Նորածին Կեանքի համար աղօթքի 44-րդ օրուայ ձեռնարկի մասնակցողներուն։ Ձեռնարկը ամէն  տարի կը կազմակերպուի ԱՄՆ-ի գերագոյն ատեանի վիժումը օրինականացնող` 1973-ին արձակած վճիռին դէմ։

Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամին մէջ` Նորին Սրբութիւնը  յոյս յայտնեց որ ձեռնարկը ''արթնցնէ բազմաթիւ խիղճեր` ի նպաստ կեանքի իրաւունքի պաշտպանութեան'' ու այս առընչութեամբ զարգացնէ ''օրէնսդրական պատշաճ համակարգ''։

Վերոյիշեալ ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ԱՄՆ-ի փոխ Նախագահ Մայք Փենսը հաստատելով թէ ''Ամերիկայի մէջ կեանքը դարձեալ կը յաղթանակէ'', մինչ ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամփ` թուիթի մը միջոցաւ իր աջակցութիւնը յայտնեց քայլարշաւի բոլոր մասնակիցներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.