(Ռատիօ Վատիկան) Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Փետրուար-Մարտ 2017 տարուան, գլխաւորելիք արարողութիւններու յայտագիրը։
Հինգշաբթի, 2 փետրուարին, տօնն է Տիրոջ Տաճար ընծայման, եւ նոյն օրը կը նշուի աձինք նուիրեալներու համաշխարհային 21 օրը։ Այս առիթով, յետմիջօրէի ժամը 5,30-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան,ներկայութեամբ անձինք նուիրեալներու եւ առաքելական կեանքի ընկերութեան անդամներուն։
Չորեքշաբթի, 1 մարտ 2017-ին, մոխրոց օր է։ Սրբազան Հայրը, Հռոմի Սան Անսելմօ տաճարին մէջ, յետմիջօրէի ժամը 4,30-ին, կը մատակարարէ ապաշխարութեան խորհուրդը, որմէ ետք ժամը 5,00-ին, Սանթա Սապինա տաճարին մէջ կը նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան, որուն աւարտին մոխիրի զետեղում կը կատարուի հաւատացեալներուն գլխուն վրայ։
5 մարտ 2017-ին, Քառասնորդաց առաջին կիրակին, Հռոմի արուարձաններու մէջ գտնուող Արիչչիա գիւղաքաղաքին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ կը մասնակցի Հռոմի Քուրիայի հոգեւոր կրթութեան, որ վերջ կը գտնէ ուրբաթ, 10 մարտ 2017-ին։
All the contents on this site are copyrighted ©. |