2017-01-19 10:11:00

Ձիւնամրրիկն ու երկրաշարժը ծունկի բերին կեդրոնական Իտալիան։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 18 Յունուարին, մէկ ժամուայ ընթացքին, Իտալիոյ կեդրոնական շրջանին մէջ տեղի ունեցան երկրաշարժի երեք զօրաւոր ցնցումներ։ Առաջինը 10.30-ին 5.1 ուժգնութեամբ որուն կեդրոնը եղած է Աքուիլան, որ 2009 թուականին արդեն թիրախ եղած էր զօրեղ այլ երկրաշարժի մը։ Առաջին տուեալներու համաձայն երկրաշարժը տեղի ունեցած է 9 քլմ խորութեան վրայ։ Արձանագրուեցան ապա այլ երկու զօրեղ ցնցումներ­, 5.5 ուժգնութեամբ` ժամը 11.14-ին եւ 5.3 ուժգնութեամբ ժամը 11,25-ին, որոնք զգալի եղան նաեւ Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ։

Յայտնենք թէ վերոյիշեալ շրջաններուն մէջ բացի երկրաշարժին յառաջացուցած ահազանգէն, բնակչութիւնը օրերէ ի վեր կը դիմագրաւէ ձիւնամրրիկի ու ցուրտի  տագնապը։ Իտալիոյ կառավարութիւնը տեղւոյն վրայ ուղարկած է բանակը որպէսզի օգնութեան հասնի բնակչութեան, այս բացառիկ կացութեան բերումով ստեղծուած դժուար ու խրթին կացութեան, ուր աւելի քան 100 հազար քաղաքացիներ, ձիւնամրրիկի պատճառաւ, մնացած են կղզիացած ու առանց ելեկտրականութեան հոսանքին։ 

Մինչեւ այժմ արձանագրուած է մէկ մեռեալ սակայն անյայտ ճակատագրով անձերու թիւը կը գերազանցէ 30-ը։








All the contents on this site are copyrighted ©.