2017-01-03 10:48:00

Կարդինալ Պարպէրէն` Ողորմութեան համաշխարհային համագումարի Քահանայապետական պատուիրակ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Լիոնի Արքեպիսկոպոս` կարդինալ Ֆիլիփ Պարպէրէնը անուանած է որպէս իր յատուկ ներկայացուցիչը` գլխաւորելու համար Ֆիլիփինեանն կղզիներու մայրաքաղաք` Մանիլայի մէջ տեղի ունեցող Ողորմութեան Դ համաշխարհային համագումարը որ նախատեսուած է 2017-ի Յունուար   ամսուայ 16-24։

Յայտնենք թէ Ողորմութեան առաջին համագումարը նշուեցաւ Հռոմի մէջ 2008 թուականին, ապա Քրաքովիայի մէջ` 2011-ին հուսկ Պոկոթայի մէջ` 2014-ին։ Յաջորդը, ինչպէս նշեցինք, տեղի կ՛ունենայ ասիական ցամաքամասին մէջ, որպէս կեդրոնական նիւթ ունենալով հաղորդութիւնն ու առաքելութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.