2016-12-16 08:23:00

Աղեքսանդրիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին զօրակից Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Աղեքսանդրիոյ Կաթողիկէ հայոց պատրիարքութեան առաջնորդ` Արհիապատիւ Գրիգոր Եպիսկոպոս Գուսան, ի զօրակցութիւն Գահիրէի Ս. Մարկոս Ղպտի եկեղեցւոյ դէմ, անցեալ 11 դեկտեմբերին, իրագործուած ահաբեկչական զարհուրելի արարքի զոհերուն, որոշեց յառաջիկայ Սուրբ Ծննդեան ու Նոր տարուայ հանդիսութիւնները չեղեալ նկատել, առ ի յարգանք զոհեալ նահատակներուն եւ մօտիկութեան նշան Ղպտիներու Ուղղափառ համայն Եկեղեցւոյ ու հասարակութեան։

Առաջնորդը ապա Հայ Կաթողիկէ համայնքի հաւատացեալներէն խնդրեց աղօթք բարձրացնել  Խաղաղութեան Տիրոջ, Անորմէ հայցելով խաղաղութեան պարգեւը` Եգիպտոսին ու համայն աշխարհին համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.