2016-12-06 11:28:00

''Այն որ Աստուծոյ քնքշութիւնը կը ճանչնայ` կը ճանչնայ Քրիստոնէական վարդապետութիւնը''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ով որ չի ճանչնար Աստուծոյ քնքշութիւնը, չի ճանչնար քրիստոնէական վարդապետութիւնը'' հաստատեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երեքշաբթի 6 դեկտեմբերի առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, զոր գրեթէ ամբողջութեամբ յատկացուց Յուդայի պատկերին։ 

Ներշնչուելով օրուան Աւետարանէն ուր կը խօսուի կորսուած ոչխարի առակի մասին եւ Տիրոջ ուրախութեան մասին` զոր երբեք չի դադրիր մեզ փնտռելէ, Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ ''Տէրը կու գայ որպէս դատաւոր, սակայն քնքշութեամբ լի դատաւոր մըն է, որ ամէն ինչ կ՛ընէ մեզ փրկելու համար։ Ան չի գար դատապարտելու այլ փրկելու։ Մեզ կը փնտռրէ ու մեզմէ իւրաքանչիւրը կը սիրէ` այնպէս ինչպէս որ ենք''։

''Կորսուած ոչխարը կորսուեցաւ ոչ թէ որովհետեւ կողմնացոյց չ՛ունէր իր հետ, այլ պարզապէս որովհետեւ անոր սիրտը հիւանդ էր'' Դիտել տուաւ ապա Սրբազան Հայրը ու ակնարկեց Յուդային ու Տիրոջ անոր նկատմամբ ունեցած վարուելակերպին։

''Աւետարանի կատարեալ կորսուած ոչխարը Յուդան է'' ըսաւ Սրբազան Պապը, ''մարդ մը որ իր սրտին մէջ դառնութիւն ունէր, ու միշտ անջատուած կը մնար միւսներէն։ Ան չէր ճանչնար միւսներուն հետ ձրիաբար ապրելու քաղցրութիւնը։ Ասոր համար փախուստ կու տար։ Որովհետեւ քող էր եւ շատ մը քրիստոնեաներու, եպիսկոպոսներու ու քահանաներու նման ունէր կրկնակի կեանք մը։ Յուդան եւս եպիսկոպոս մը էր։ Առաջին եպիսկոպոսներէն մին։ Կորսուած ոչխար։ Մենք սակայն հասկնալու ենք այդ կորսուած ոչխարները։ Մենք եւս մեր մէջ ունինք կորսուած ոչխարի մէկ մասնիկ մը'' յարեց Նորին Սրբութիւնը ու հաստատեց թէ ''Տիրոջ սէրը  աւելի մեծ է մեղքէն։ Ան անսահման օրէն բարի է ու երբեք չի դադրիր այդ կորսուած ոչխարները փնտռելէ։ Աստուծոյ սէրը մինչեւ վերջ կը գործէ, նոյնիսկ յուսահատութեան պարագային։ Այս է բարի հովիւի վարուելակերպը։ Այս է բարի աւետիսը զոր Ծնունդը մեզի կը բերէ, այդ գեղեցիկ հրճուանքը որ սիրտը կը փոխէ ու մեզ կը մղէ Տիրոջ մխիթարութիւնը ընդունելու''։

''Յիսուս երբ կորսուած ոչխարը կը գտնէ չ՛արհամարհեր զայն, նոյնիսկ եթէ անիկայ չար գործեց. Ան ձիթենեաց պարտէզին մէջ Յուդան  կոչեց բարեկամ։ Աստուծոյ շոյանքն է այս։ Այն որ չի ճանչնար Տիրոջ քնքշութիւնը չի ճանչնար քրիստոնէական վարդապետութիւնը։ Ան որ թոյլ չի տար որ Տէրը զինք շոյէ կորսուած է։ Մինչ մեր ուրախութիւնը, մեր հրճուանքն ու մխիթարութիւնը կը կայանան Տիրոջ գալուստին մէջ, որ կու գայ մեզի հանդիպելու­, մեր վրայ գուրգուրալու ու մեզ փրկելու։ Կորսուած ոչխարի նման մեզ առաջնորդելու դէպի հօտը որ է Եկեղեցին։

Քարոզի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  հայցեց որ '' Տէրը մեզի պարգեւէ շնորհքը, Սուրբ Ծննդեան տօնը սպասելու մեր վէրքերով, մեր մեղքերով, ու անկեղծ գիտակցութեամբ` թէ կը սպասենք մեր Աստուծոյ զօրութիւնը որ կու գաղ մեզ մխիթարելու որ մեզի կը բերէ իր քնքշութեան զօրութիւնը որ սրտէն ծնունդ առած շոյանք է. Անոր սրտէն որ այդքան բարի է եւ որ իր կեանքը տուաւ մեզի համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.