(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 1 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ Վատիկանի իր գրասենեակին մէջ ընդունած է Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Անճելօ Ամաթոն եւ արտօնութիւն շնորհած է հրապարակելու Սուրբերու դատի ժողովի հայող հետեւեալ հրամանագիրերը.
Աստուծոյ ծառայ Յովհաննէս Սքիավօ, Աստուծոյ ծառայ Հայր Վինչենցօ Քուերալթ Լլրոեթեւու ու անոր 20 ընկերները, Աստուծոյ ծառայ Հայր Թեօֆիլօ Մաթուլիոնիսի երանելիութեան հրամանագիրերը, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ 8 ծառաներու , աղախիններուն մարտիրոսական առաքինութիւններուն հրամանագիրերը։
Յայտնենք, թէ Աստուծոյ ծառայ Հայր Ճովաննի Սքիավօ, ծնած էր 8 յուլիս 1903-ին եւ վախճանած է 27 յունուար 1967-ին։ Ան եղած է անդամ, Սուրբ Յովսէփ միաբանութեան։ Իսկ՝ Աստուծոյ ծառայ, Հայր Վինչենցօ Քուերալթ Լլրոեթ եւ անոր 20 ընկերները, որոնցմէ վեցը քահանաներ էին եւ պատկանէին Հայր Վինչենցոյին միեւնոյն միաբանութեան։ Այլ 6 քահանաներ թեմական էին, իսկ 2 կրօնաւորուհիներ անդամ էին ''սիրոյ զաւակներ'' մայրապետներուն միաբանութեան։
Հայր Վինենցօ եւ իր 20 ընկերները, իրենց դաւանած քրիստոնէական հաւատքին համար սպաննուած են Սպանիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի ժամանակաշրջանին՝ 1936-1937։
All the contents on this site are copyrighted ©. |