2016-11-03 10:00:00

Իտալիոյ վարչապետը կը խոստանայ վերականգնել երկրաշարժէն վնասուած քաղաքները:


Իտալիոյ վարչապետ Մաթէօ Ռենցի խոստացած է, որ երկրին իշխանութիւնները լիովին պիտի վերականգնեն երկրի կեդրոնական մասի այն բնակավայրերը, որոնք վնասուած են 30 հոկտեմբերին տեղի ունեցած երկրաշարժէն:

«Ես այստեղ եմ` ըսելու, թէ աշխատանքը տեւական պիտի ըլլայ, սակայն աստիճանաբար մենք ամէն ինչ պիտի վերականգնենք», յայտարարած է ան` խօսք արտասանելով գրեթէ ամբողջութեամբ աւերուած Պրեչի բնակավայրի բնակիչներուն առջեւ:

Իտալիոյ կեդրոնական մասին մէջ տեղի ունեցած 6,6 աստիճանով երկրաշարժէն վնասուած են Մարքէ եւ Ումպրիա մարզերը:

Երկրաշարժին կեդրոնը կը գտնուէր հինգ հազար բնակիչ ունեցող Նորցա փոքր քաղաքի շրջանին մէջ: Երկրաշարժին պատճառով վիրաւորուած են շուրջ քսան անձեր: Զոհեր չկան:








All the contents on this site are copyrighted ©.