2016-10-28 12:59:00

Երկրաշարժ Հայաստանի Մէջ. Մեղրիի մէջ ան ունեցած է 3-4 աստիճան ուժգնութիւն։


Հոկտեմբեր 28-ին, տեղական ժամանակով ժամը 12.05-ին ՀՀ ԱԻՆ երկրաշարժական պաշտպանութեան ծառայութեան ժաժաբանագիտական ցանցին կողմէ արձանագրուած է 2.7 մագնիթուտով երկրաշարժ` հիւսիսային լայնութեան 38.960 եւ արեւելեան երկայնութեան 46.420 աշխարհագրական գիծերու վրայ (Հայաստան): Օճախի խորութիւնը` 10 քմ․:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան կայքը, ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կեդրոնին մէջ կազմած է 3-4 ռիխթըր:

Երկրաշարժը զգացուած է Կապանի մէջ` 3 բալ, Մեղրիի` 3-4 ռիխթըր ուժգնութեամբ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.