2016-10-25 09:55:00

Նախագահն ընդունած Է Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի ներկայացուցիչները:


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 24 հոկտեմբերին ընդունած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ 20-24 հոկտեմբերին տեղի ունեցած «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրով Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի ներկայացուցիչները:

Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է արդէն 8-րդ անգամն ըլլալով մայր հայրենիքի մէջ կայացող համաժողովը, որ նուիրուած է հայկական երկու հանրապետութիւններու 25-ամեակին:

«Դուք մեծ ուժ էք, դուք ձեր գործունէութեամբ մեզի վստահութիւն եւ եռանդ կու տաք, որպէսզի մենք կարենանք ուժերու առաւելագոյն գործադրութեամբ կատարել մեր պարտականութիւնները: Մենք մեր նախորդ հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին խօսած ենք այն մասին, որ պէտք է առանձնացնել երկու կարեւոր հանգամանք. առաջին հանգամանքը այն լրատուամիջոցներուն եւ լրագրողներուն աշխատանքն է, որ ուղղուած է բուն հայկական համայնքին, այսինքն` հայապահպանութեան ուղղուած աշխատանքը, եւ երկրորդ` տարբեր երկիրներու մէջ աշխատող ազգութեամբ կամ արմատներով հայ լրագրողները համախմբելն է: Ե՛ւ առաջին, ե՛ւ երկրորդ պարագային չափազանց կարեւոր է, որ այս արագ փոփոխուող աշխարհին մէջ մենք կարենանք գտնել աշխատանքի ճիշդ ձեւերը, պահպանել հետաքրքրութիւնը այն նիւթերուն նկատմամբ, որոնց վրայ մենք կ՛աշխատինք, որոնցմով կը հպարտանանք եւ կ՛ուզենք անով ազդեցութիւն ունենալ այս կամ այն հարցին վրայ: Երկու պարագային ալ, կը կարծեմ, թէ չափազանց կարեւոր է միշտ հաւատարիմ ըլլալ լրագրողական բարեխղճութեան: Շատ կարեւոր է նաեւ, որ մենք մեր ջանքերը կարենանք համատեղել, գտնել այն էական խնդիրները, որոնց լուծման վրայ պէտք է ծախսենք մեր հիմնական ներուժը եւ մեր կարողութիւնները», ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Նշելով, որ լրագրութեան մէջ երբեք կարելի չէ յաջողութեան հասնիլ փոքր սուտերը աւելի մեծ սուտով հերքելու կամ անօրինականութեամբ օրինականութիւն հաստատելու փորձերով, հանրապետութեան նախագահը ընդգծած է, որ որքան սուր ըլլայ ճշմարտութիւնը ներկայացնելու գրիչը, այնքան անիկա օգտակար կ՛ըլլայ եւ չի վնասեր, իսկ նոյն այդ գրիչը, լրագրողական կարողութիւնները, լրատուամիջոցներու ազդեցութիւնը անզգուշ օգտագործելու պարագային կրնան մեծ հարցերու ծնունդ տալ:

Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի նախագահ Շահան Գանտահարեան համաժողովին մասնակիցներուն անունով խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնած է Հանրապետութեան նախագահին հանդիպման այս առիթին եւ համաժողովին իր յղած ուղերձին համար, ապա ան զեկուցած է համաժողովի Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ կատարած քննարկումներուն եւ աշխատանքներուն մասին` հաստատելով, որ լրագրողներու այս համախմբուած եւ կառուցակարգուած ձեւաչափով աշխատանքները պիտի շարունակուին սփիւռքի նախարարութեան առընթեր:

Ողջոյնի խօսքէն ետք նախագահը առաջարկած է հանդիպումը կայացնել հարց-պատասխանի ձեւաչափով, որպէսզի կարելիութիւն ունենայ պատասխանել լրագրողները հետաքրքրող բոլոր հարցումներուն:

Լրագրողներն ու լրատուամիջոցներու ղեկավարները հետաքրքրուած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի բանակցային հոլովոյթին մէջ հայկական կողմին մօտեցումներով ու դիրքորոշումով, Հայաստանի նոր սահմանադրութեամբ Հայաստանի մէջ իրականացուելիք բարեփոխումներով, Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ առկայ ներուժի, որուն մէջ լրագրողական համայնքի ներուժի լիարժէք օգտագործման կարելիութիւններով, Հայաստանի տնտեսութեան մէջ օտար ներդրումներու ներգրաւման ուղղութեամբ իրականացուող պետական քաղաքականութեամբ եւ այլ հարցերով:








All the contents on this site are copyrighted ©.