2016-10-22 09:14:00

Երգչախումբերու ու ծիսական արարողութիւնները ոգեւորողներու Յոբելեանը։


(Ռատիօ Վատիկան) 21 – 23 Հոկտեմբեր 2016-ին, Ողորմութեան Յոբելենական արտակարգ սուրբ տարուայ ծիրէն ներս, Հռոմի մէջ կը նշուի  երգչախումբերու ու ծիսական արարողութիւնները ոգեւորողներու յոբելեանը, որուն իրենց մասնակցութիւնը  կը բերեն աշխարհականներ, քահանաներ, ծիսական գրասենեակներու տնօրէններ, երգչախումբի ղեկավարներ, նուագողներ, երգիչ-երգչուհիներ, հոգեւոր երաժշտութեան դպրոցներ, ժողովրդապետութիւններու երգչախումբեր ու նուագախումբեր։

Յոբելենական տօնախմբութիւնը սկիզբ կ՛առնէ ուրբաթ 23 հոկտեմբերի առաւօտեան ութին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ նախատեսուած հաւաքով,որուն  բնաբանն է ''երաժշտութիւնը ծիսակատարութեան մէջ` ի սպաս աւետարանումին''։

Շաբաթ 22 հոկտեմբերին Յոբելենական այս հաւաքին բոլոր մասնակցողները կը համախմբուին Քոնչիլիացիոնէ պողոտայի վրայ ու թափօրով կ՛ուղղուին դէպի Սուրբ Պետրոս, ուր նախատեսուած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին յոբելենական հրապարակային ունկնդրութիւնը։ Երեկոյեան` Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ նախատեսուած է համերգ` կատարողութեան Հռոմի թեմի երգչախումբին ու Սինֆոնիք նուագախումբին։

Կիրակի 23 հոկտեմբերին բոլոր մասնակցիները ուխտագնացութիւն կը կատարեն դէպի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքա ու Սուրբ Դռնէն անցք կատարելէ ետք կը մասնակցին Սուրբ Պետրոսի պազիլիքայի մէջ` Նոր Աւետարանութեան խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլայի գլխաւորած Սուրբ պատարագի արարողութեան, որուն աւարտին ապա Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը մասնակցին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.