2016-10-18 09:54:00

Ո՞վ է Աստուած ինծի համար Յովհ. ԺԴ. 23-29


Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչը մեզ կը հրաւիրէ ձերբազատուելու մարդկային մտածելակերպէն Աստուծոյ մասին: Մարդը ձգուած ինքն իր մտային կարողութեան, երկու կերպով կրնայ խորհրդածել Աստուծոյ մասին: Նախ՝ Աստուած որպէս անսահման աստուածութիւն, որ կը յայտնուի նիւթական ու բնութեան զօրութիւններուն մէջ, ինչպէս փոթորիկը, արեւը, կրակը, ջուրը...... եւ ասկէ կը հետեւցնէ ամէն տեսակ պաշտամունք: Եւ կամ,  Աստուած ամէն կարելի ճանաչումէն վեր անձ մըն է. փիլիսոփաներու Աստուածը յաւիտենականօրէն անմատչելի:

Յիսուս, ինքը կը յայտնէ մեզի Աստուծոյ էութիունը: Կը պարզէ ինչ որ մարդկային միտքը անկարող է ըմբռնելու. Աստուած բացարձակն է եւ մանաւանդ Հայրը, որ կը միջամտէ մեր կեանքի պատմութեան մէջ: Ան կը միջամտէ, մանաւանդ, որպէս անձնական ու սիրող ներկայութիւն մը: Եթէ մէկը սիրէ Յիսուս-Քրիստոս, յայտնիչը Աստուծոյ, եթէ պահէ Անոր խօսքը, այսինքն եթէ հաւատայ Անոր ու գործադրէ Անոր Պատուիրանները, այսպիսին կը դառնայ անձնական բնակարանը Աստուծոյ: Աստուած կու գայ անոր մէջ, ու կը դառնայ ոչ միայն ստեղծիչ զօրութիւն մը, այլ անձնական փոխադարձ սէրը հրահրող բոց:

Մարդուն ու Աստուծոյ միջեւ կայ կենդանի փոխանակութիւնը ճանաչումի ու նուիրումի, այսինքն Սիրոյ: Այս է Յիսուսի Քրիստոսի մեզի փոխանցած յայտնութիւնը, որ մարդկային միտքն ու հոգին չէին կրնար երեւակայել:

Նման յայտնութիւն մը ընդունելու համար՝ չի բաւեր դուրսէն լսել վարդապետութիւնը: Յիսուս ըսաւ իր առաքեալներուն . «Այս բաները խօսեցայ ձեզի, մինչ ձեզի հետ էի , սակայն հոգին Սուրբ պիտի սորվեցնէ ձեզի ....»: Առաքեալները Յիսուսի հետ ապրեցան ամիսներ ու տարիներ: Բաւականաչափ ժամանակ ունէին թափանցելու համար Երկնաւոր վարդապետին պատգամին խորը, լսելու համար Անոր խօսքերը ու ընդօրինակելով ապրելակերպը: Մտաւոր ճանաչում մը ունէին իրենց չափով, սակայն ճանաչում մը, որ կը բխի հաւատքէն: Արդարեւ, վերջին ընթրիքին ընթացքին ճշմարիտ հաւատք չունէին Յիսուսի հանդէպ: Որպէսի այս հաւատքի ներգործութիւնը կարելի դառնայ, անհրաժեշտ էր Յարութեան դէպքը ու հոգեգալուստը:

Այս մխիթարական յայտնութեան դիմաց՝ երկու հարցում ուղղենք մեզի.

ա- Ի՛նչ է մեր ճանաչումը Աստուծոյ մասին: Եթէ այսօր կռապաշտութեան վտանգը մեզի չի սպառնար, ուրիշ վտանգ մը, նոյնքան վնասակար, կը ջանայ խեղաթիւրել այդ ճանաչումը. Իմացապաշտութիւնը, որ կը զետեղէ զԱստուած գաղափարներու, փիլիսոփայական-քաղաքական ընկերային շարքի մը մէջ, առանց որ Ան միջամուխ ըլլայ մեր ներքին կեանքին: Աստուած մը, մեզմէ դուրս ուժ մը, զօրութիւն մը, որուն ներկայութեան կը հաւատանք, սակայն, այդ մեզ չի հետաքրքրեր: Մեր վրայ չ՛ազդեր: Մէկ խօսքով մտաւորականութիւն մը որ կը բաժնէ մարդկային աշխարհը՝ աստուածայինէն, մարդը՝ Աստուծմէ մինչ այդ չէ Յիսուսի յայտնութիւնը. փոխադարձ սիրոյ յարաբերութիւնը մարդուս ու Աստուծոյ:

բ- Ուշադի՞ր ենք Ս. Հոգւոյն ներշնչումներուն. Բաւական չէ յաճախել ու կարդալ Աւետարանը՝ ճանչնալու համար Յիսուս-Քրիստոսը: Հարկ է ,ներքնապէս ու անկեղծօրէն ուշադիր ըլլալ        Ս. Հոգւոյն թելադրանքներուն: Երբ Աւետարանի ընթերցում մը մեզի յայտնէ ճշմարտութիւն մը, ջանանք զայն գործադրել մեր առօրեային մէջ: Այս է պահանջքը սիրոյ: 

   








All the contents on this site are copyrighted ©.