2016-10-14 10:56:00

Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրիի Յորդանան այցելութեան յայտագիրը ՝ 14-16 հոկտեմբեր։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 14 հոկտեմբերին, Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը   յիշեալ ժողովի նախագահ՝ Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրիի Յորդանան կատարելիք այցելութեան վերաբերեալ ։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, անցեալ 3 հոկտեմբերին. Արեւելեան եկեղեցիներու  ժողովին կառավարիչը նշանակած է որպէս իրեն յատուկ ներկայացուցիչ ներկայ գտնուելու Յորդանանի Նեպօ լերան վրայ Մովսէս անուան Սրբավայրի վերաբացումի արարողութեանն, որ տեղի պիտի ունենայ 15 հոկտեմբերին, եւ որուն իրենց  մասնակցութիւնը կը բերեն Հաշիմեան թագաւորութեան բարձր ներկայացուցիչներ։  

Այս առթիւ անուանուած Սրբազան Հօր ներկայացուցիչը՝ Կարդինալ Սանտրին, Կիրակի 16 հոկտեմբերին, պիտի նախագահէ Հայրապետական արարողութեան եւ յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին ներկաներուն պիտի շնորհէ Ֆրանչիսկոս Պապի   Առաքելական օրհնութիւնը։

Յորդանան  կեցութեան ընթացքին, Կարդինալ Սանտրի հանդիպումներ պիտի ունենայ Քաղդէացիներու Լուիս Ռաֆայել Սաքօ Պատրիարքին հետ, որ Յորդանան կը գտնուի բացումը կատարելու  Իրաքցի գաղթականներուն դպրոցական վերամուտին։ Ան ապա կը հանդիպի Իտալական Եպիսկոպոսաց դասի ընդհանուր քարտուղար գերապայծառ Կալանթինոյի հետ­, որ Յորդանան կը գտնուի բացումը կատարելու   Իտալական  Եպիսկոպոսաց դասի կողմէ ձեռնարկուած կարգ մը բարեսիրական ծրագիրներուն։   

Շաբաթ 15 հոկտեմբերի առաւօտեան , Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը կ՝այցելէ Ողորմածութեան պարտէզ ուր  հանդիպում կ՝ունենայ  Ֆրանչիսկոս Պապի կամքով իրագործուած ՝՝Տիրամօր խաղաղութեան կեդրոնի՝՝ պաշտօնեաներուն հետ, որմէ ետք կ՝այցելէ Ֆրանչիսկեան միաբանութեան կողմէ՝  երիտասարդներուն նուիրուած,  ՝՝Վետպեհ ՝՝լերան վրայ գտնուող Ֆրանչիսկոս Պապ անուան կեդրոն։

Կիրակի 16 հոկտեմբերին, կարդինալ Սանտրի կայցելէ նաեւ Իտալական հիւանդանոց ուր կը հանդիպի սուրիացի ընտանիքներուն հետ։ Ապա Նեպօ լեր վերադարձին, ծիրանաւորը կ՝այցելէ Մատապա շրջանին մէջ գտնուող այլ Ողորմածութեան Պարտէզ ,ուր դպրոցներու շարքին կան նաեւ Մոզայիքի դպրոց մը,  որուն մէջ կ՝աշխատին շատ մը գաղթականներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.