2016-10-01 13:52:00

Վկայութիւններ` Ֆրանչիսկոս Պապին Վրաստանի Կաթողիկէ Կղերական Դասին հետ հանդիպման ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Վրաստան կատարած այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս  Սրբազան Քահանայապետը, շաբաթ 1 հոկտեմբեր 2016-ին, տեղական ժամով 15.45-ին (Հռոմի ժամով 13.45-ին), Թիֆլիսի Վերափոխման Եկեղեցւոյ մէջ  հանդիպում ունեցաւ Վրաստանի մէջ գործող Կաթողիկէ քահանաներուն, կրօնաւորներուն ու նորընծաներուն հետ։

Հանդիպումը սկիզբ առաւ հոգեւոր շարականներով որմէ ետք խօսք առաւ Վրաստանի Լատիններու առաքելական կառավարիչը`  գերապայծառ Փազոթթօ` Ֆրանչիսկոս Պապին ուղղելով բարի գալուստի խօսքը­, հուսկ տեղի ունեցան չորս վկայութիւններ, որոնք ներկայացուեցան Հայ Կաթողիկէ Քահանայի մը կողմէ, Վրացի նորընծայի մը կողմէ, ընտանիքի մայր` Իրինա անունով տիկնոջ մը կողմէ, ապա Քախա անունով երիտասարդի մը կողմէ որ մաս կը կազմէ երիտասարդներու խորհուրդին եւ մասնակցած էր Քրաքովիայի երիտասարդութեան համաշխարհային հաւատքին։

Իր վկայութեան մէջ Հայր Միքայել խօսեցաւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի իրականութեան մասին ակնարկելով Քրաքովիայի երիտասարդական հաւաքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմաթիւ հայ երիտասարդներ եւ որուն ընթացքին, ըսաւ Հայր Միքայէլ, ապրեցանք պատմական ու անմոռանալի պահեր, լի հոգեւորականութեամբ եւ եղբայրութեամբ, որոնց ընթացքին մեզի յորդորեցիք վառ պահել անցեալի յիշատակը, ազգային պատմութիւնը ու քաջութիւն ունենալ երազելու եւ կերտելու պայծառ ապագայ մը, խաղաղութեան եւ եղբայրութեան ապագայ մը։

Հար Միքայէլ մատնանշեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան կատարած առաքելական այցելութեան ընդգծելով յատկապէս Վրաստանի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ինութիւնն ու իրականութիւնը` որպէս  փոքրամաս Կաթողիկէ Համայնքի մեծամասնութիւն։

Հայր Միքայէլ խօսքը աւարտեց Նորին Սրբութեան վստահեցնելով բոլոր հայ կաթողիկէ համայնքի աղօթքները ու հայցելով Տիրոջմէ որ Նորին Սրբութեան ուժ եւ առողջութիւն պարգեւէ` յառաջ տանելու Եկեղեցւոյ նաւը դէպի խաղաղութեան, անդորրութեան­, սիրոյ ու եղբայրութեան նաւահանգիստ։

Քոթէ անունով վրացի նորընծան խօսեցաւ ապա իր փորձառութեան մասին ակնարկելով օրթոտոքս եկեղեցւոյ հետ համամիութեան ուղեւորութեան, մինչ Իրինա անունով երկու զաւակներու ընտանիքի մայրը իր վկայութեան ընթացքին անդրադարձաւ ընտանիքներու ապրած դժուարութիւններուն ու ընտանեկան կառոյցին սպառնացող վտանգներուն։

Ապա 23 ամեայ Քախան` խօսեցաւ երիտասարդներու փորձառութեան մասին ու յատկապէս կաթողիկէ հաւատացեալ երիտասարդի մը` Վրաստանի փորձառութեան մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.