2016-10-01 15:17:00

Ֆրանչիսկոս Պապին անպատրաստից խօսքը Վրաստանի Կաթողիկէ Կղերական Դասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` հոկտեմբեր մէկի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Պապը Թիֆլիսի Վերափոխման Եկեղեցւոյ մէջ  հանդիպում ունեցաւ Վրաստանի մէջ գործող Կաթողիկէ քահանաներուն, կրօնաւորներուն ու նորընծաներուն հետ ու այս առթիւ ակնարկելով հանդիպման ընթացքին ներկայացուած վկայութիւններուն, ան անպատրաստից խօսք ուղղեց ներկաներուն ըսելով. Բարի երեկոյ, շնորհակալ եմ։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը սկսաւ անդրադառնալով անցեալ Յունիսին Գիւմրի մէջ պատահած մէկ իրողութեան։ Գիւմրիի մէջ մատուցած սուրբ պատարագիս աւարտին, Քահանայապետական ինքնաշարժի վրայ հրաւիրեցի հայ առաքելական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսն ու կաթողիկոսը. ինչպէս նաեւ այստեղ ներկայ գտնուող Հայ կաթողիկէներու առաջնորդը ու չորսս մէկ միասին շրջանը ըրինք հրապարակին, ապա երբ վար իջայ ու մինչ կ՛երթայի դէպի ինքնաշարժս ծերունի տիկին մը ինծի նշան ըրաւ իրեն մօտենալու, կարծեմ 80 տարեկան էր ու կամ աւելի, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ես գացի անոր մօտ, հեզ ու խոնարհ պառաւ մըն էր­, զիս ողջագուրեց սիրով, ոսկեգոյն ակռայ մը ունէր, ու ինծի ըսաւ` ես հայ եմ սակայն վրաստան կ՛ապրիմ ու վրաստանէն եկած եմ այստեղ։  Ան ճամբորդած էր 8 ժամեր ամբողջ հանդիպելու համար Քահանայապետին հետ - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու մատնանշեց թէ երկրորդ օրը` այլ վայրի մը մէջ դարձեալ հանդիպեցաւ այդ պառաւ տիկնոջ, ու զարմանքով անոր հարց տուաւ թէ ինչու մինչեւ այնտեղ եւս եկած էր։ Ծերունի վրացահայ տիկինը պատասխանեց ''ես եկայ հանդիպելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Ասիկա հաւատք է''։

Դուն Հայր Միքայէլ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, խօսեցար հաւատքի մէջ հաստատ ըլլալու մասին, ահա այդ կնոջ վկայութիւնը հաւատքի մէջ հաստատ ըլլալ է։ 

Հաստատ հաւատքի մէջ կը նշանակէ կարողութիւնը  ունենալ ուրիշներէ ընդունիլ հաւատքը, պահպանել զայն ու ապա փոխանցել ուրիշներուն։

Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց Հայր Միքայէլի խօսքերը ու հաստատեց հաւատքի մէջ հաստատ ըլլալ կը նշանակէ չմոռնալ այն ինչ որ մենք սորված ենք, ընդհակառակը` զայն զարգացնել ու փոխանցել մեր զաւակներուն, ահա թէ ինչու Քրաքովիայի մէջ  երիտասարդներէն խնդրեցի խօսիլ իրենց մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն հետ որովհետեւ անոնք են որոնք մեզի փոխանցեցին հաւատքը, ու դուք բոլորդ որ կ՛աշխատիք երիտասարդներուն հետ պէտք էք միշտ յորդորել խօսիլ մեծ պապիկներուն ու մեծ մամիկներուն հետ, անոնցմէ ընդունելու համար հաւատքի աղբիւրը։

Հաւատք մը առանց արմատի չի կրնար աճիլ։ Այնպէս նաեւ հաւատք մը որ ինծի պարգեւուած է ու ես զան ուրիշներու չեմ փոխանցէր` չի կրնար աճիլ։

Հաստատ ըլլալ հաւատքի մէջ կը նշանակէ անցեալի յիշողութիւն, ներկայի քաջութիւն ու ապագայի յոյս։

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսեցաւ կոչումի մասին հաստատելով թէ կոչումը ընթացք մըն է ու ակնարկելով նորընծայի վկայութեան նկատել տուաւ թէ ան իր կոչումը կը պարտի իր մօր ու ընդգծեց թէ կոչումը Սուրբ Հոգւոյն պարգեւ մըն է։ Ամէնքս ունինք կամ պիտի ունենանք մռայլ պահեր, ըսաւ  Սրբազան Քահանայապետը եւ աւելցուց ''օծեալներս եւս ունինք մռայլ պահեր, երբ դժուարութիւններու կը հանդիպինք երբ համակեցութեան հարցեր ունինք, այդ պահերուն հարկաւոր է կանգ առնել ու յիշել. Յիշել այն պահը երբ Սուրբ Հոգին դպաւ ինծի։ Այն պահը երբ կոչումը զգացի։ Կոչումի  յարատեւութիւնը արմատացած է յիշողութեան մէջ­, այն պահուն երբ Տէրը մեզի ըսաւ. ''Եկուր քալէ իմ հետս''։

Սրբազան Պապը ապա խօսքը ուղղեց ընտանիքի մօր ու խօսեցաւ սուրբ պսակի խորհուրդի մասին ու այր ու կնոջ Աստուծոյ նմանութեամբ ստեղծուած ըլլալու մասին, հուսկ ակնարկեց ամուսնական կեանքի դժուարութիւններուն, անհասկացողութիւններուն ու լարուածութիւններուն­, որոնք յաճախ կը ստեղծուին ընտանիքի յարկէն ներս ու հաստատեց թէ ապահարզանի պարագային ան որ սուղ գինը կը վճարէ Աստուած է ու զաւակները։ Մանուկները մեծապէս կը տառապին երբ տեսնեն իրենց ծմողներուն վէճերը ու հարկաւոր է ամէն ինչ ընել փրկելու համար ամուսնական համակեցութիւնը։

Բնական է, ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը որ ընտանիքին մէջ վէճեր ծագին սակայն եթէ կայ իսկական սէր հաշտութիւնը կարելի է։ Ես միշտ կը կրկնեմ վիճաբանեցէք որքան որ կ՛ուզէք, սակայն օրը մի աւարտէք առանց հաշտութեան որովհետեւ ''սառուցեալ պատերազմը'' աւելի վտանգաւոր է ։

Երեք բառեր կան որոնք ոսկի բառեր են ամուսնութեան համար ''կարելի է , շնորհակալութիւն, ներողութիւն'', ըսաւ նորին Սրբութիւնը ու նշեց թէ ''եթէ ամուսնութեան մէջ այս բառերը միշտ կը գործածուին ամուսնութիւնը կրնայ յառաջ երթալ''։

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ապա համաշխարհային գետնի վրայ մղուած այն պատերազմին` ընտանիքը քանդելու համար ''Ճենտեր''ի գաղափարախօսութիւնը։ Ասոր համար հարկաւոր է պաշտպանուիլ այդ յարձակումներէն - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու քաջալերեց  Եկեղեցին ըլլալու դէպի դուրս եկեղեցի մը ու ներառնող եկեղեցի մը, որ իր զաւակներուն հետ վարուի որպէս Մայր մը, Սուրբ Կոյս Մարիամի նման։

Խօսքին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց համամիութեան  ու յորդորեց աստուածաբաններու թողուլ ուսումնասիրութիւններն ու վերացական հարցերը ու թելադրեց առօրեային մէջ գործել պարզութեամբ, աղօթել մէկը միւսին համար, քալել միասին ապա դատապարտեց ''հոգեորսորդութիւնը'', որ ըսաւ Ան, հակառակ է համամիութեան։ 

Քահանայապետը անպատրաստից խօսքը եզրափակեց  բոլոր ներկաներէն խնդրելով զգոյշ ըլլալ ու պաշտպանուիլ աշխարհիկ հոգիէն ու հայցեց Աստուծմէ որ պաշտպանէ մեզ այդ հոգիէն ու մեզ դարձնէ եկեղեցւոյ այրեր ու կիներ հաստատ այն հաւատքին մէջ զոր ընդունեցանք մեր ծնողներէն, հաստատ այն հաւատքին մէջ որ կը գտնենք Աստուածամօր բազուկներուն ներքոյ ու հրաւիրեց բոլոր ներկաները միասնաբար աղօթեա ''ողջոյն քեզ մարիամ'' աղօթքը ու բոլորին տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.