2016-09-27 09:31:00

Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին նշեց իր հիմնադրութեան 170-ամեակը։


Երկուշաբթի, 26 սեպտեմբեր 2016-ին, Արամ Խաչատուրեանի անուան մեծ համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ 170-ամեակին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին նուիրուած յոբելենական գլխաւոր տօնախմբութիւնը` սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի «Հովեր» երգչախումբին եւ Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբին մասնակցութեամբ:

Հանդիսութեան ներկայ էին աշխարհի տարբեր կողմերէ Հայաստան հասած հայ աւետարանական եկեղեցիներու հովիւները, Հայաստանի Հանրապետութեան պետական եւ հոգեւոր բարձրաստիճան այրեր:

Տօնախմբութեան ընթացքին շնորհաւորական ուղերձներով հանդէս եկան Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան նախագահ  վեր. Նազարէթ Տարագճեան,  Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան, Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի գործադիր տնօրէն  վեր. դոկտ. Վահան Թութիկեան, իսկ փակման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան:

Տօնախմբութեան աւարտին հնչեց Եկմալեանի «Հայր մեր» շարականը, որուն կատարման յոտնկայս միացաւ ամբողջ սրահը: Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի օրհնութեան խօսքով:








All the contents on this site are copyrighted ©.