2016-08-29 09:48:00

Իմ նպատակը աշխարհի բոլոր կողմերում ձեզ միշտ հայ տեսնելն է. Հրանոյշ Յակոբեան


Օգոստոս 27-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մօտ հիւրընկալուած են «Արի տուն» ծրագիրի նախորդ տարիներու մասնակիցները, որոնք ընդգրկուած էին ծրագիրի ութերորդ փուլի ճամբային օրերուն:

Ողջունելով սփիւռքահայ երիտասարդները` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ըսած է. «Յուսով եմ` ծրագրի աւարտից յետոյ լաւագոյն յիշողութիւններով էք հեռացել եւ աւելի կապուել Ձեր Հայրենիքին: Այն տպաւորութիւնները, որոնք  ստացել էք շրջայցերի ընթացքում, օգնել են Ձեզ նոր ընկերներ եւ մտերիմներ ներգրաւել ծրագրում: Յիշէ՛ք, Ձեր բնակութեան վայրերում պէտք է Մայրենիով խօսէք, քանի որ դա է ազգային դիմագծի եւ ինքնութեան պահպանման գրաւականը: Իմ նպատակը աշխարհի բոլոր կողմերում Ձեզ  միշտ հայ տեսնելն է»:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նախարարը հետաքրքրուած է անոնց ձեռքերումներով, ուսումնական յառաջընթացով, ապա կոչ ըրած արժանապատիւ հայ մեծնալու եւ իրենց յետագայ գործունէութեամբ նպաստելու Հայաստանի զարգացման:

Այնուհետեւ, գերատեսչութեան ղեկավարը յորդորած է պատանիներն ու աղջիկները ծրագիրին մասին կարծիքներ, առաջարկներ ներկայացնել` վստահեցնելով, որ հետամուտ պիտի ըլլան անոնց կեանքի կոչելուն:

Երիտասարդները նախարարին շնորհակալութիւն յայտնած են` մէկ անգամ եւս նախորդ ճամբարային օրերու երանութիւնը վայելելու հնարաւորութեան համար, ապա շեշտած, որ «Արի տուն» ծրագիրէն պահպանուած յիշողութիւնները իրենց կեանքի մշտական ուղեկիցը դարձած են:

Անսալով անոնց տեսակէտներուն` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան առաջարկած է ստեղծել արիտունցիներու ակումբ, որ ծրագիրի բոլոր մասնակիցներուն համար իւրատեսակ հաւաքատեղի կը դառնայ Մայր Հայրենիքի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.