2016-07-23 10:56:00

Միւնիխի մէջ զինեալ յարձակում


Գերմանիոյ ոստիկանութիւնը Միւնիխի «Օլիմփիա» առեւտրական համալիրին մէջ գործողութեան մը ձեռնարկեց, երբ անծանօթ զինեալներ համալիրին մէջ կրակ բացին:

Ոստիկանութիւնը քաղաքին մէջ հետապնդումի արշաւի մը ձեռնարկեց եւ քաղաքացիներուն թելադրեց հրապարակային տեղերէ զգուշանալու:

Քաղաքի բնակիչները իրենց տուներուն դռները բացին բոլոր անոնց առջեւ, որոնք յարձակումին պատճառով կորսուած են: Անոնք այս նպատակով համացանցի վրայ հաշթեկ մը բացին «բաց դռներ» անունով:

Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներով` զոհուած են 8 անձեր:

Աւելի ուշ, Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Միւնիխի մէջ կրակ բացողներուն թիւը 3 է, եւ անոնք յաջողած են փախուստ տալ:

Քաղուած Ազդակէն

 








All the contents on this site are copyrighted ©.