2016-07-23 11:54:00

Կարդինալ Փարոլին՝՝Լեհաստանի այցելութիւնը ողորմութեան եւ համերաշխութեան խճանկար է՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապի Քրաքովիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան կապակցութեամբ Վատիկանի Ctv հեռուստակայանը հարցազրոյց կատարեց Վատիկանի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փարոլինին հետ,  որուն ընթացին ծիրանաւորը Սրբազան  Հօր ճամբորդութիւնը կոչեց Ողորմութեան եւ համերաշխութեան խճանկար։

՝՝Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի ընթանայ այն նոյն ուղիին վրայ, զոր սկսաւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Քահանայապետ ինչպէս նաեւ  ընթացաւ  Պենետիկտոս Վաստակաւոր Պապ։ Երիտասարդներուն հետ ուղեւորութիւնը մը , հաւատքի,  յոյսի եւ սիրոյ ուղեւորութիւն որուն նպատակակէտն է Յիսուս Քրիստոս, եւ որուն  քարտէսն է Աւետարանը, անոր ուսուցումն ու եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը,  որուն   հացն ու սնունդը  Սուրբ Հաղորդութիւնն է ըսաւ Կարդինալ Փարոլին ու անդրադարձաւ 

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի վարդապետութեան  ընդգծելով  թէ , ՝՝Քրաքովիայի երիտասարդաց հաւաքը կը գտնուի Ողորմութեան Սուրբ Տարուան սրտին մէջ։  Ըսել   Ողորմութիւն,  կը նշանակէ ակնարկել Սուրբ ՅՊԲ Պապի հոգեւոր եւ վարդապետական հիմնական  ժառանգութեան։ Ան՝ իր առաջին կոնդակներէն  մին նուիրեց Աստուծոյ ողորմութեան ,  ինչպէս նաեւ ձեռնարկեց   բազմաթիւ միջոցառումներ , ընդգծելու համար Աստուծոյ Ողորմութեան երեւոյթը, բաւ է յիշել Սրբուհի Ֆաուսթինայի սրբադասման  արարողութիւնը որ տեղի ունեցաւ Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս,   ինչպէս նաեւ Աստուածային Ողորմութեան կիրակի օրուայ հաստատումը որ կը նշուի սուրբ Զատիկը յաջորդող երկրորդ կիրակին ։ 

Խօսելով Եւրոպայի մասին կարդինալ Փարոլին ըսաւ թէ Ֆրանչիսկոս Պապ եւրոպայի երիտասարդներուն պիտի կրկնէ միեւնոյն պատգամը զոր յաճախ կրկնած է զանազան  առիթներով եւ սոյն պատգամը  կ՝եզրակացուի երկու բառերով, յոյսի եւ քաջալերանքի պատգամ՝  վերագտնելու համար  Եւրոպայի  քրիստոնեայ հարազատ արմատները, որոնք թոյլատրեցին Եւրոպային   ըլլալու այն ինչ որ է։     

Ծիրանաւորը խօսեցաւ Լեհաստանի քրիստոնէութեան 1050-րդ ամեակի նշման արարողութեան մասին , որուն առանձնաշնորհումը ունեցած էր որպէս Ֆրանչիսկոս Պապի ներկայացուցիչ ՝  մասնակցելու սոյն տօնակատարութեան , եւ այս առնչութեամբ յարեց  ՝՝Ֆրանչիսկոս Պապ Լեհաստանի եկեղեցւոյ հետ միասին  գոհութիւն պիտի յայտնէ Աստուծոյ Քրիստոնեայ հաւատքի դաւանութեան  հազար տարիներուն համար ինչպէս նաեւ վերջին 50 տարիներուն համար, որուն ընթացքին Լեհաստանը վերագտաւ իր ազատութիւնը  ինչպէս նաեւ  ազատ կերպով արտայայտելու իր հաւատքը։ Լեհաստանի եկեղեցին զօրաւոր եւ կենդանին եկեղեցի է հաստատեց Վատիկանի Պետական Քարտուղարը ապա ակնարկելով Ֆրանչիսկոս Պապի Լեհաստանի մէջ 

 Auschwitz-Birkenau հրեաներու ողջակիզումի կեդրոնը այցելելու մասին յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ ոչ մի ճառ պիտի արտասանէ հրեաներու ողջակիզման կեդրոնին մէջ որովհետեւ երբեմն ահ ու սարսափի դիմաց լռութիւնը աւելի պերճախօս է քան բառեր արտասանելը ։

Նշենք,  թէ կարդինալ Փարոլին  իր զրոյցի ընթացքին ակնարկեց  նաեւ Ֆրանչիկսոս Պապի Լեհաստանի մէջ  այլ վայրերուն այցելութեան  մասին,  որոնց  շարքին Աստուածային Ողորմութեան առաքեալ Սրբուհի  Ֆաուսթինա Քովալսքայի քաղաքն ու Քրաքովիայի մանկաբուժարանը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.