2016-05-31 13:03:00

Հալէպը ամբողջութեամբ պիտի ազատագրուի․ Իրանի ՊՆ


 «Հալէպը ամբողջութեամբ պիտի ազատագրուի»,-իրանական «Իսնա» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ` յայտարարած է Իրանի պաշտպանութեան եւ Զինուած ուժերու աջակցման նախարար Հոսէյն Տեհղանը:

Իրանի պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ, անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն, մասնաւորապէս նշած է. «Քանի որ Հալէպը ռազմավարական կարեւոր դիրք ունի, թէ՛ Սուրիոյ կառավարական ուժերը եւ թէ՛ ծայրայեղական ահաբեկչական խմբաւորումները ջանքեր կը գործադրեն, որպէսզի քաղաքը անցի իրենց վերահսկողութեան տակ: Կառավարական ուժերու գործադրած ջանքերուն շնորհիւ Աստուծոյ կամօք Հալէպը ամբողջովին պիտի ազատագրուի», կը գրէ panorama.am-ը:

Աւելցնենք, որ Իրանի իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի «Ղոտս» ուժերու հրամանատար, զօրավար Ղասեմ Սոլէյմանին, օրերս անդրադառնալով սուրիական խնդրին, մասնաւորապէս նշած էր. «Եթէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը 4 տարի շարունակ չպայքարէր ծայրայեղական խմբաւորումներուն դէմ, ապա «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը այսօր Սուրիոյ մէջ իշխանութիւն ձեւաւորած կ՛ըլլար, իսկ այդ պարագային նոյնիսկ Լիբանանի մէջ քրիստոնեաները, սուննիներն ու շիաները կը գտնուէին Դամասկոսի ազդեցութեան գօտիին մէջ»:

Աւելի առաջ Էմամ Հոսէյնի անուան ռազմական ակադեմիոյ ղեկավար Մորթազայ Սաֆարին, անդրադառնալով Իրանի կողմէ Սուրիոյ ցուցաբերուող օգնութեան, մասնաւորապէս նշած էր. «Շուրջ մէկ տարի առաջ Իրանի իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի 100 ռազմական խորհրդատու գործուղուեցաւ Սուրիա եւ Իրաք: Երկու-երէք ամիս անց անոնց մէկ մասը վերադարձաւ, իսկ որոշները` զոհուեցան կամ վիրաւորուեցան: Սակայն անհրաժեշտութենէ մեկնած` իրանցի ռազմական խորհրդատուներուն մէկ մասը մնացած է այնտեղ` շարունակելու իր առաքելութիւնը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.