2016-05-06 14:21:00

Կարդինալ Փարոլինի քարոզը Վատիկանի պահակագունդի երդման արարողութեան առթիւ


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 6 մայիս 2016-ին ՝ առաւօտուն, Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ մատուցեց Սուրբ Պատարագի զոհը, որուն ներկայ գտնուեցան  Վատիկանի Զուիցերական պահակագունդի անդամները, որոնք ուրբաթ 6 մայիսին  յետմիջօրէին պիտի մասնակցին պահակագունդի նոր անդամներու  երդման արարողութեան։

Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ ծիրանաւորը  խնդրեց ներկաներէն աղօթել երդում կատարող պահակներուն համար, որպէսզի  անոնք  զօրացած ըլլան սուրբ Հոգիին ուժականութեամբ ՝  քահանայապետին ծառայութեան յանձնառումին ի սպաս։

Ակնարկելով  ապա Սուրբ Պօղոսի առաքելութեան,  պսակուած  յաջողութիւններով ու ձախողութիւններով,  Կարդինալ Փարոլին նկատել տուաւ թէ ՝՝Սուրբ Պօղոս երբեք չի յուսալքուեցաւ , որովհետեւ  Ան Քրիստոսով զօրաւոր կը զգար  ինքզինք՝՝ եւ աւելցուց , ՝՝ Իւրաքանչիւր մկրտեալի կոչումն է ըլլալ Քրիստոսի վկայ։  Բաժնեկցիլ հաւատքի փորձառութիւնը՝ տիպար քրիստոնեայի մը կեանք վարելով,  ըլլալ միշտ Քրիստոսի, եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Պետրոսի Յաջորդին կողքին՝ որովհետեւ Քահանայապետը ունի պարտականութիւնը իւրաքանչիւր հաւատացեալ հաստատելու իր հաւատքին մէջ

Կարդինալ Փարոլին, ապա հրաւիրեց ներկաները  այսօրուանէ սկսեալ՝ վկայութիւն տալ, իրենց Սրբազան քահանայապետին նկատմամբ հաւատարիմ ծառայութեամբ, եղբայրութեան  հոգիով եւ իրարու միջեւ բարի  վարմունքով ինչպէս նաեւ  հաւատքի օրինակով, վստահ ըլլալով ՝ որ տէրը կենդանի է , ողորմած եւ կարեկից, որ կը մօտենայ մարդոց,  եւ կ՝ուզէ խաղաղութիւն պարգեւել ։

Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը  քարոզը աւարտեց անդրադառնալով Վատիկանի պահակագունդի պաշտպան սուրբերուն ինչպէս Սուրբ Մարթինոն որ  գիտցաւ ըլլալ ճշմարիտ գործիքը Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ, ապա բոլորին վրայ հայցեց  Տիրամօր հովանին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.