2016-04-19 08:43:00

Կարդինալ Թակլէ` ''Պետական իշխանութիւնները համապատասխանելու են ֆրանչիսկոս Պապին կոչին''


(Ռատիօ Վատիկան) Միջազգային Քարիթասի նախագահ կարդինալ Թակլէյի գնահատումով ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը Լեզւոս նպաստեց յաղթահարելու գաղթականներուն վախը։

Սրբազան Քահանայապետին Լեզւոս այցելութիւնը սատարեց վկայութիւն տալու տառապող գաղթականներուն։ Ան ապա եղաւ առիթ`  մօտիկութիւն ցուցաբերելու գաղթականներուն ու փախստականներուն, ըսաւ Կարդինալ Թակլէ, որ ի լուր Սրբազան Քահանայապետին Լեզւոս այցելութեան­, իր ուրախութիւնը յայտնած էր, որովհետեւ ''գաղթականները պէտք ունին նեցուկի եւ կարեկցութեան''։

Սրբազան Պապը իր ներկայութեամբ վկայութիւն տուաւ եկեղեցւոյ մօտիկութեան բոլոր անոնց որոնք դժուարութեան մէջ կը գտնուին։

Նշենք թէ Կարդինալ Թակլէ` որպէս նախագահը միջազգային Քարիթասին, այցելած է Սուրիան ապա Յունաստանը, Մակեդոնիայի սահմանին մօտ եւ այս առթիւ յայտարարած է ''Իմ այս երկու այցելութիւններուս ընթացքին շօշափեցի գաղթականներու ցաւը ... ու տեսայ իրենց աչքերուն մէջ յոյսը։ Եկեղեցւոյ բաղձանքն է որ Սրբազան Հօր այցելութենէն ետք պետական իշխանութիւնները համապատասխանեն ֆրանչիսկոս Պապին կոչին'' յայտնած է Միջազգային Քարիթասի նախագահը։








All the contents on this site are copyrighted ©.