2016-03-27 12:25:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Զատկուայ ''Ուրպի Էթ Օրպի'' պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ինչպէս ամէն տարի, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Զատկուայ տօնին օրը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մատուցած աւանդական հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի աւարտին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներ, բարձրացաւ Սուրբ Պետրոս տաճարի կեդրոնական պատշգամ, եւ այնտեղէն համայն աշխարհին ուղղեց` Սուրբ Զատկուայ ''Ուրպի Էթ Օրպի'' պատգամը։

''Գոհութիւն մատուցէք Տիրոջ, որովհետեւ բարի է, որովհետեւ յաւիտենական է անոր ողորմութիւնը'' (Սաղմ 135,1)

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Յիսուս Քրիստոս, Աստուծոյ ողորմութեան մարմնացումը, սիրոյ համար մեռաւ խաչին վրայ ու սիրոյ համար յարութիւն առաւ։ Ասոր համար է որ այսօր մենք կը հռչակենք. Յիսուս` Տէրն է։

Անոր Յարութիւնը լիովին կ՛իրագործէ Սաղմոսերգուին մարգարէութիւնը. Աստուծոյ ողորմութիւնը յաւիտենական է, անոր սէրը մշտական է, երբեք չի մեռնիր ու մենք կրնանք ամբողջութեամբ յանձնուիլ Անոր, ու գոհութիւն մատուցել, որովհետեւ մեզի համար իջաւ մինչեւ անդունդին խորքը։

Մարդկութեան հոգեւոր եւ բարոյական վիհերու դիմաց, եւ ընդդէմ այն դատարկութիւններուն, որոնք կը բացուին սրտերուն մէջ ու կը յառաջացնեն ատելութիւն ու մահ, միայն անհուն ողորմութիւնը կրնայ մեզի փրկութիւն պարգեւել։ Միայն Աստուած կարող է իր սիրով լեցնել այդ պարապութիւնները, այդ վիհերը, ու մեզի կարելիութիւնը տալ, աւելիով չմխրճուելու, այլ քալելու դէպի Երկիրը` ազատութեան ու կեանքի ։

Զատկուայ ուրախ աւետիսը. Յիսուս Խաչեցեալը, հոս չէ, յարութիւն առաւ (Մատթ 28, 5-6), մեզի կու տայ մխիթարիչ վստահութիւնը թէ մահուան վիհը գերազանցուած է եւ անոր հետ յաղթահարուած են սուգը, ողբը եւ յոգնութիւնը։ Տէրը, որ տառապեցաւ իր աշակերտներու լքումէն, անարդար դատապարտումի բեռէն, եւ ամօթալի մահուան անպատութենէն, մեզ մասնակից կը դարձնէ  իր անմահ կեանքին ու մեզի կը պարգեւէ իր քնքուշ եւ կարեկցող հայեացքը, անօթիներու ու ծարաւներու հանդէպ, օտարականներու եւ բանտարկեալներու, լքուածներու եւ մնացորդացներու, չարաշահութեան ու բռնութեան զոհերու հանդէպ։

Աշխարհը լի է հոգւով ու մարմնով տառապող անհատներով, մինչ առօրեայ տեղեկատուութիւնները լի են ծանր ոճիրներու լուրերով, որոնք յաճախ կը գործադրուին տնային յարկէն ներս, ինչպէս նաեւ զինեալ ընդհարումներով,  որոնք ամբողջ ժողովուրդներ թիրախ կը դարձնեն անասելի փորձանքներու։

Յարուցել Քրիստոսը  սիրելի Սուրիոյ ցոյց կու տայ յոյսի ուղիներ, Երկիր մը յօշոտուած երկար հակամարտութենէ մը եւ անոր  կործանումի, մահուան, մարդկային իրաւունքի արհամարհումի ու քաղաքացիական համակեցութեան քայքայումի տխուր երեւոյթներով։ Յարուցեալ Քրիստոսի զօրութեան կը յանձնենք, ի գործ դրուած բանակցութիւնները, որպէսզի բոլորին բարի կամքով եւ համագործակցութեամբ­, կարելի ըլլայ քաղել խաղաղութեան պատողներ, ու սկիզբ տալ եղբայրական ընկերութեան մը կառուցումին, որ յարգէ ամէն քաղաքացիի արժանապատուութիւնը եւ իրաւունքը։

Կեանքի պատգամը, հնչուած Հրեշտակի բերնով, գերեզմանի գլորուած վէմին մօտ, թող յաղթահարէ սրտերու կարծրութիւնը ու զարգացնէ ազգերու եւ մշակոյթներու պտղաբեր հանդիպումը, Միջերկրականի եւ Միջին Արեւելքի միւս շրջաններուն մէջ, յատկապէս Իրաքի, Եէմենի եւ Լիպիոյ մէջ։

Նոր Մարդու պատկերը որ կը ցոլայ Քրիստոսի դէմքին վրայ, Սուրբ Երկրին մէջ դիւրացնէ  համակեցութիւնը` Իսրայէլացինրեու ու Պաղեստինցիներու միջեւ, ինչպէս նաեւ յառաջացնէ այդ համբերատար տրամադրելիութիւնը ու առօրեայ յանձնառումը­, գործելու` ի սպաս մնայուն եւ արդար խաղաղութեան հիմերու կառուցումին, անկեղծ եւ անմիջական բանակցութիւններու միջոցաւ։

Կեանքի Տէրը թող ընկերանայ նաեւ Ուքրանիոյ մէջ` պատերազմի վերջնական լուծումի յանգելու ի գործ դրուած ջանքերուն, ներշնչելով եւ թիկունք կանգնելով նաեւ մարդկայնական օգնութիւններուն, որոնց շարքին` կալանաւորուած անձերու ազատագրումը։

Տէրն Յիսուս, մեր Խաղաղութիւնը, որ իր յարութեամբ յաղթեց չարին ու մեղքին, այս Սուրբ Զատկուայ տօնին առթիւ, խթանէ մեր մօտիկութիւնը ահաբեկչութեան զոհերուն նկատմամբ, այս կոյր եւ դաժան բռնութեան ձեւը, որ կը շարունակէ անմեղ արիւն թափել աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ, ինչպէս պատահեցաւ Պելճիքայի, Թուրքիոյ, Նիճերիայի, Չատի, Քամերունի եւ Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ։ Թող յաջողութեամբ պսակուին  Ափրիկէի յոյսի նշոյլները եւ խաղաղութեան հեռանկարները, յատկապէս Պուրունտիի, Մոզամպիկի, եւ Քոնկոյի Հանրապետութեան ու Հարաւային Սուտանի մէջ, որոնք յատկանշուած են քաղաքական եւ ընկերային լարուածութիւններով։

Սիրոյ զէնքերով, Աստուած յաղթեց եսասիրութիւնն ու մահը, Անոր Որդին Յիսուս` Դուռն է ողորմութեան որ բաց է բոլորին առջեւ։ Անոր Զատկուայ պատգամը թող միշտ աւելիով տարածուի Վենեզուելլայի ժողովուրդին վրայ, որ կը գտնուի դժուար կացութեան մէջ, ու անոնց վրայ որոնք իրենց ձեռքերուն մէջ ունին Երկիրն ճակատագիրը, որպէսզի կարելի ըլլայ աշխատիլ` ի սպաս հասարակաց բարիքին, գտնելով բոլորին հետ երկխօսութեան ու համագործակցութեան կարելիութիւններ։  Ամենուրէք աշխատանք թող տարուի զարգացնելու հանդիպման մշակոյթը, արդարութիւնը եւ փոխադարձ յարգանքը, որոնք միակ են որ կարող են քաղաքացիներուն երաշխաւորել հոգեւոր եւ նիւթական բարեկեցութիւնը։

Յարուցեալ Քրիստոս, կեանքի աւետիսը համայն մարդկութեան համար, մեզ կը հրաւիրէ չմոռնալու այրերն ու կիները որոնք ուղեւորութեան մէջ են աւելի լաւ ապագայ մը փնտռելու համար, գաղթականներու եւ ապաստանեալներու երկար հոյլ մը – որոնց մէջ նաեւ բազմաթիւ մանուկներ – որոնք կը փախչին պատերազմէն, անօթութենէն, աղքատութենէն, եւ ընկերային անարդարութենէն։ Այս մեր եղբայրներն ու քոյրերը, իրենց ճանապարհին վրայ շատ յաճախ կը հանդիպին մահուան եւ կամ ալ մերժումի, անոնց կողմէ որոնք կրնան իրենց օգնութիւն եւ հիւրընկալութիւն տալ։ Յառաջիկայ Համաշխարհային մարդասիրական վեհաժողովը թող զանց չ՛ընէ ընտրելու` մարդն ու անոր արժանապատուութիւնը, որպէս ''կեդրոն'', եւ մշակելու քաղաքականութիւններ որոնք կարող ըլլան թիկունք կանգնիլ եւ պաշտպանել հակամարտութիւններու եւ այլ տագնապներու զոհերը, յատկապէս անոնք որոնք աւելիով դիւրաբեկ են եւ անոնք որոնք հալածուած են կրօնային կամ ցեղային պատճառներու համար։

 

Այս հրաշափառ օրուան առթիւ ''թող հրճուի երկիրը ողողուած մեծ շքեղութիւններով'', որ այդքան ալ չարաշահուած է եւ պղծուած է շահի ժլատ շահագործումէ, որ կ՛այլափոխէ բնութեան հաւասարակշռութիւնը։ Կը մտաբերեմ յատկապէս այն վայրերը որոնք թիրախ են կլիմայի փոփոխութիւններուն եւ որ կը յառաջացնեն երաշտ կամ ջրհեղեղ, որոնց հետեւանքն է սնունդի ճգնաժամը, մոլորակի տարբեր շրջաններուն մէջ։

Մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ միասին, որոնք հալածուած են իրենց հաւատքի եւ իրենց Քրիստոսի անունին հաւատարմութեան համար, եւ ի տես չարին որ կը թուի յաջողութիւն արձանագրել բազմաթիւ մարդոց կեանքին մէջ, դարձեալ ունկնդրենք Տիրոջ մխիթարիչ խօսքը. ''Մի վրդովիք. Քաջալերուեցէք. Որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին (Յովհ 16,33)''։

Այսօր այս յաղթութեան փայլուն օրն է, որովհետեւ Քրիստոս ոտնակոխեց մահը եւ իր յարութեամբ` պայծառացուց կեանքն ու անմահութիւնը։ Ան մեզ ստրկութենէն անցուց ազատութեան, տխրութենէն`ուրախութեան, սուգէն` տօնախմբութեան, խաւարէն դէպի լոյս, ստրկութենէն` փրկութիւն։ Ասոր համար Անոր առջեւ ըսենք Ալէլուիա։

Բոլոր անոնց որոնք  ամէն յոյս եւ կեանքի իմաստ կորսնցուցած են, տարեցներուն` որոնք առանձնութեան տառապանքին մէջ կը զգան իրենց ուժերու նուազեցումը, երիտասարդներուն որոնց կը թուի թէ ապագայ չկայ­, բոլորին` անգամ մը եւս կ՛ուղղեմ Յարուցեալի խօսքերը ''Ահաւասիկ  ես ամէն բան նոր կը ստեղծեմ.... ես պապակողին ձրի պիտի տամ` կեանքի ջուրի աղբիւրէն'' (Յայտնութիւն Յովհաննէսի 21, 5-6).

Յիսուսի այս յուսադրող ուղերձը, թող օգնէ մեզմէ իւրաքանչիւրս, վերստին ուղեւորութիւնը ստանձնելու, աւելի քաջութեամբ,  Աստուծոյ ու մեր եղբայրներուն հետ կառուցելու հաշտութեան ճանապարհներ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.