2016-02-12 11:26:00

Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ Պատրիարքը Քիրիլ։


(Ռատիօ Վատիկան) 63 ամեայ Քիրիլ Պատրիարքը Պատրիարքական աթոռ բարձրացած է 7 տարիներ առաջ։ Ան եղած է Ռուս Եկեղեցւոյ պատմութեան ամենաերիտասարդ եպիսկոպոսներէն մին, եպիսկոպոսական օծումը ստանալով երբ տակաւին 30 տարեկանը չէր ամբողջացուցած։

Ան միշտ գործած է երիտասարդներու կազմաւորումի ասպարէզէն ներս ապա երկար տարիներ եղած է Ռուս Պատրիարքութեան Եկեղեցիներու հետ յարաբերութիւններու բաժանմունքի վարիչը։

Քիրիլ Պատրիարք նկատուած է նաեւ որպէս բարենորոգիչ` տրուած ըլլալով որ Ան նոր սլացք ու կազմակերպչական բնոյթ տուաւ Ռուս Եկեղեցւոյ Պատրիարքութեան, եկեղեցական թեմերուն ու թեմական հաստատութիւններուն։

Ռուս Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը կազմուած 380 եպիսկոպոսներէ որոնց մեծամասնութիւնը ընտրուած են Քիրիլ պատրիարքի պատրիարքութեան շրջանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.