(Ռատիօ Վատիկան) Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս մասնաւոր տեղ կը
գրաւեն Աստուածամօր երեւումներու որոշ վայրեր, ինչպէս՝ Լուրտը ու ֆաթիման։ Երեւումը յայտնութիւնն
է Աստուծոյ, կամ հրեշտակներուն կամ սուրբերուն, այս պարագային Աստուածամօր։
Բիրենեան լեռներու ստորոտը 1858-ին ''Լուրտը'' 5000 բնակչութիւն ունեցող աննշան քաղաք
մըն էր։ Այդ տարուայ 11 փետրուարին, Պեռնատէթ անունով աղջնակ մը` Մասապիելի քարայրին
առջեւ, կը տեսնէ Սպիտակ Զգեստով Տիկինը՝ որ Վարդարան կ՛աղօթէ։
14 փետրուարէն մինչեւ 4 մարտ տեղի կ՛ունենան 14 երեւումներ, իսկ 25 մարտին Տիկինը կը
յայտնէ իր ինքնութիւնը ''Անարատ Յղացեալ''։1862-ի 18 յունուարին՝ քննիչ յանձնախումբը
կու տայ որոշումը, ընդունելով՝ ''Երեւումներու Վաւերականութիւնը''։1966-ին՝ կը մատուցուի
առաջին պատարագը եւ 1871-ին կը կատարուի ''Անարատ Յղութեան Եկեղեցւոյ'' օծումը։
Պերնատէթ Սուպիրու ծնած էր 1844-ին։Հիւանդոտ, գրեթէ անուս, սակայն մաքուր հոգի մըն էր
ան, ատակ` ունկնդրելու եւ փոխանցելու՝ ''Աստուածային պատգամը''։ Երեւումներէն ետք, ան
կը քաշուի վանք ու կը նուիրուի կրօնաւորական կեանքին։ Կը վախճանի 1879-ին եւ կը սրբադասուի
8 դեկտեմբեր 1933-ին՝ Անարատ Յղութեան տօնին օրը։
11 Փետրուարին կը նշուի նաեւ Հիւանդներու Համաշխարհային 24-րդ օրը որ այս տարի յատուկ կերպով պիտի տօնախմբուի Նազարէթի մէջ որպէս բնաբան ունենալով ''Յանձնուիլ Մարիամի նման ողորմած Յիսուսին. Ինչ որ ձեզի հրամայէ, կատարեցէք''։
11 Փետրուար 2016-ին կը նշուի նաեւ Վատիկանի Պետութեան ճանաչումին 87-րդ ամեակը։ Արդարեւ 1929-ին Լատերանեան Դաշինքի ստորագրութեամբ Վատիկանը ճանչցուեցաւ որպէս անկախ պետութիւն։
All the contents on this site are copyrighted ©. |