2016-02-08 09:20:00

Կեանքին հրաժեշտ տուաւ Սուրիոյ նախագահին մայրը՝ Անիսա Մախլուֆը


Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան Նախագահութիւնը գուժեց մահը հանգուցեալ նախագահ Հաֆէզ ալ Ասատի այրիին՝ 86ամեայ Անիսա ՄախլուՖին, որ պատահեցաւ Դամասկոսի մէջ, Շաբաթ 6 Փետրուար 2016-ին։
Հանգուցեալը ծնած է Լաթաքիա 1930-ին, ամուսնացած Հաֆէզ ալ Ասատին հետ 1957-ին, երբ վերջինս առաջին կարգի սպայ էր, ուղեկցած է անոր զինուորական բարձրաստիճան տարբեր պաշտօններու ստանձնումի տարիներուն։ Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար»-ը:

Այսպէս նախագահ ՀաՖէզ ալ Ասատ 1966-ին դարձած է պաշտպանութեան նախարար, 1970-ին Սուրիոյ բարեկարգչական շարժումը գլխաւորելով տարի մը վերջ՝ 1971-ին Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան նախագահ, մինչեւ իր մահը՝ 2000 թուական։

Հանգուցեալ Անիսա կենակիցը դարձաւ Սուրիոյ նախագահին երկրի բոլոր իրադարձութիւններուն ու զարգացումներուն ընթացքին, ուղեկցեցաւ անոր շարք մը պաշտօնական այցլելութիւններուն։ Հանգուցեալի ուշադրութեան կ՛արժանանային յատկապէս Սուրիոյ նահատակներուն ընտանիքներն ու զաւակները, Սուրիոյ կանանց, որբերու, երեխաներու եւ տարեցներու խնդիրները։

Ան Սուրիոյ նախագահին կողքին, ականատեսը եղաւ ժամանակակից Սուրիոյ կերտման 30 տարիներու երթին։
Ունի հինգ զաւակներ՝ Պուշրա, Պէսէլ(մահացած), Պաշշար,Մէճըտ (մահացած) եւ Մահեր։

Նախագահութիւնը կանխայայտ շնորհակալութիւն յայտնելով սուրիացի բոլոր ցաւակցողներուն, փափաք յայտնեց, որ անոնք անձնական ցաւակցութեան ներկայանալու պարտաւորութեան տակ չմտնեն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.