2016-02-08 11:58:00

Մարդավաճառութեան դէմ միջազգային աղօթքի ու խորհրդածութեան 2-րդ օր:


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 8 փետրուարին, կը նշուի մարդավաճառութեան հոսքը կասեցնելու համար միջազգային աղօթքի եւ խորհրդածութեան երկրորդ օրը։

Ձեռնարկը նախաձեռնութիւնն է ՝՝Գաղթականներու ու թափառաշրջիկներու, Արդարադատութիւն ու խաղաղութիւն քահանայապետական զոյգ  խորհուրդներուն՝՝, ինչպէս նաեւ ՝՝մեծաւորներու ու մեծաւորուհիներու, իգական եւ արական սեռի  խառն  միջազգային միութիւններուն՝՝։

Ձեռնակը կազմակերպուած է ընդառաջելու համար Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքին, պայքար մղելու մարդավաճառութեան երեւոյթին դէմ, եւ խնամք տանելու անոր թիրախ դարձած զոհերուն։

Մարդավաճառութեան դէմ միջազգային աղօթքի օրը կը կատարուի 8 փետրուարին Սուտանցի՝ Սրբուհի Ժուզէփփինա Պահքիթային ծիսական տօնին օրը տրուած ըլլալով որ Սրբուհի Պահքիթա   ազատագրուած է ստրկութենէ ,ապա  դարձած է  կրօնաւորուհի եւ 2000 թուականին, դասուած է Սրբուհիներու շարքին։

Այս ծիրէն ներս, Իտալիոյ Միլանօ քաղաքին մէջ ,  Քարիթաս Ամպրոզիանա թեմական հաստատութիւնը ու  Միլանոյի քաղաքապետարանը  կազմակերպած են ՝՝ոչ երբեք ստրուկներ՝՝ խորագիր կրող զանազան ձեռնակներ ու յայտագիրներ՝ որոնց որպէս պատուոյ հիւր իր մասնակցութիւնը կը բերէ, խաղաղութեան Նոպել մրցանակի արժանացած, տիար Քայլաշ Սաթյարթին։

Նշենք, թէ  60 ամեայ Տիար Քայլաշ, հնդկաստանի մէջ պայքար մղած է մանկական աշխատուժի երեւոյթին դէմ։ Ան՝ երեքշաբթի 8 փետրուարի յետմիջօրէին, իր մասնակցութիւնը կը բերէ, Միլանօ  քաղաքապետարանին մէջ կազմակերպուած  ՝՝մարդավաճառութիւնն ու շահագործումը աշխարհին մէջ՝՝ խորագիրը կրող համաժողովին, որուն ներկայ կը գտնուին նաեւ  Միլանօ քաղաքի քաղաքապետ՝ տիար Փիզափիա եւ Միլանօ թեմի Արքեպիսկոպոսի տեղակալ եպիսկոպոս գերապայծառ Լուքա Պրեսսանի։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.