2016-02-05 13:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Զամպիա հանրապետութեան նախագահը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն տեղեկացնելով  թէ Ուրբաթ, 5 փետրուար 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ` Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց  Զամպիայի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Էտկար Չակվային, նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոինին հետ որուն կ՛ընկերանար Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութեան բաժանմունքի Քարտուղար՝ Գերապայծառ Փոլ Կալլակեր։

Զրոյցներու ընթացքին արծարծուեցան  Սուրբ Աթոռի եւ Զամպիայի հանրապետութեան միջեւ գոյացող բարի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ տուած սատարը երկրին`դաստիարակչական, ընկերային եւ առողջապահական մարզերէն ներս, մատնանշելով աղքատութեան ու ընկերային անհաւասարութիւններու դէմ պայքարին եւ ընկերային ու կրօնական համակեցութեան զարգացումին, հանդիպումի եւ երկխօսութեան մշակոյթի միջոցաւ։

Հանդիպման ընթացքին շեշտը դրուեցաւ նաեւ երկու կողմերը հետաքրքրող հարցերու շուրջ­, որոնց շարքին գաղթականութիւնը, կլիմայական փոփոխութիւնները եւ կենսոլորտի պահպանումը։

Ի վերջոյ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ միջազգային կացութեան մասին յատուկ ուշադրութիւն յատկացնելով Ափրիկեան ցամաքամասը յուզող հակամարտութիւններուն ու Երկրին յանձնառումի` ի սպաս շրջանի խաղաղութեան գործընթացին։








All the contents on this site are copyrighted ©.