2016-02-05 09:24:00

Գրիգոր Պետրոս ի Կաթողիկոս Պատրիարքի հովուապետական այցելութիւնը Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ։


Յառաջիակայ Կիրակի 7 փետրուար 2016, Բուն Բարեկենդանի կիրակի օրը, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց` Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Գրիգոր  Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքը, Հովուապետական  անդրանիկ այցելութիւն պիտի կատարէ, Պէյրութի Զալքա շրջանի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ։

Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Խաչի Ժողովրդապետութիւնը յայտնելով թէ Սուրբ Խաչ ժամանումին , պաշտօնական ընդունելութենէ ետք Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պիտի մատուցանէ հանդիսաւոր Սուրբ եւ անմահ Պատարագը,  որուն աւարտին  Եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ շնորհաւորական հիւրասիրութիւն։

Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Ժողովրդապետութիւնը, այս առթիւ կոչ ուղղած է բոլոր հաւատացեալներուն, մեծ թիւով իրենց մասնակցութիւնը բերելու­ Հոգեւոր Տիրոջ կատարելիք անդրանիկ հովուապետական այս այցելութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.