2016-01-28 13:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 28 յունուարի քարոզը


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 28 յունուարին, Լատինաց ծէսի համաձայն տօն Սուրբ Թովմաս Տաքուինացիի, Վատիկանի  Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ եւ անմահ Պատարագ,  ներկայութեամբ ՝ իրենց քահանայական ձեռնադրութեան 50 ամեակը նշող 50 կղերականներուն։

Այս առթիւ արտասանած քարոզին  մէջ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ ՝՝Քրիստոնեան ունի վեհանձն սիրտ մը,  որովհետեւ ան մեծահոգի Հօր մը որդին է , որ բազուկները բազկատարած  բոլորը  վեհանձնութեամբ կ՝ընկալէ։

Մեկնաբանելով օրուայ Աւետարանական ընթերցումը  ուր կը նշուին Յիսուսի խօսքերը ճրագի մասին. ''ճրագը եղած է լուսաւորելու համար եւ ոչ թէ զայն ծածուկ պահելու համար'' Ֆրանչիսկոս Պապ  անդրադարձաւ  Քրիստոնեայի  մը յատկանշական երեւոյթներուն մասին.

 ՝՝Քրիստոնեան, որ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդով ստացած է ճրագը , պէտք է իր կարգին սփռէ զայն, եւ  պէտք է վկան ըլլայ այդ ճրագին։ Այն պարագային երբ քրիստոնեայ մը կը ծածկէ ճրագը կը նշանակէ թէ ան կը վախնայ  ճրագի լոյսէն եւ  կը նախընտրէ խաւարը, ուրեմն ՝ճշմարիտ քրիստոնեայ չի կրնար ըլլալ ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա խօսեցաւ   Քրիստոնեայի մը վեհանձնութեան`  որովհետեւ Ան զաւակն է Մեծահոգի Հօր մը։

՝՝Քրիստոնեայի սիրտը միշտ բաց է, անձնասիրութեան մէջ փակուած սիրտ մը չէ։

Երբ Քրիստոնեայ մը մուտք գործէ Յիսուսի ճրագին մէջ, երբ ան բարեկամութիւն մշակէ Յիսուսի հետ, երբ Ան թոյլ տայ առաջնորդուելու Սուրբ Հոգիէն, անոր սիրտը կը դառնայ վեհանձն ։

Ֆրանչիսկոս Պապ, ապա   խօսքը  ուղղելով Քահանայական ձեռնադրութեան 50 ամեակը նշող քահանաներուն ըսաւ։

Ինծի համար ուրախութիւն է այսօր ձեր հետ նշել Քահանայութեան 50 ամեակը։ 50 տարիներ լոյսի եւ վկայութեան ուղիին վրայ,  50 տարիներ փորձելով ճրագը փոխադրել  եւ դնել մոմակալներու  վրայ, թէեւ երբեմն կ՛իյնայ սակայն դարձեալ զայն կը զետեղենք այնտեղ, լոյս սփռելու նպատակով, վեհանձնութեամբ, բարի սրտով։

Միայն Աստուած գիտէ, թէ քանի անձինք ընդունեցաք  ձեր բարութեամբ ու հօր եւ եղբօր սիրով։ Քանի խաւարած սրտերով անձերուն դուք լոյս պարգեւեցիք` Յիսուսի լոյսը։

Շնորհակալ եմ բոլոր այն բաներուն զոր դուք ըրիք Եկեղեցւոյ եւ  Յիսուսի համար։

Թող Տէրը ձեզի ուրախութիւն պարգեւէ, ուրախութիւնը որ դուք կարողացաք լաւ սերմանել ու լաւապէս լուսաւորել եւ ձեր ձեռքը լայն բացիք բոլորը ընկալելու համար սիրով եւ գթութեամբ. 








All the contents on this site are copyrighted ©.