2015-11-29 17:44:00

Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ Ողորմութեան Սուրբ դռան բացման արարողութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 29 նոյեմբեր 2015-ին, յետմիջօրէին ժամը 4.00ին, Պանկի քաղաքի Աւետարանական համալսարանի մէջ  տեղի ունեցած հանդիպումի աւարտին.  ֆրանչիսկոս Պապ կ´ուղղուի Պանկիի Տիրամօր նուիրուած Անարատ Յղութեան մայր Տաճար, ուր՝ Կեդրոնական Ափրիկէի կղերական դասի մասնակցութեամբ  բացումը կը կատարէ Ողորմութեան Սուրբ Տարուան դուռին։

Յայտնենք, թէ Ողորմութեան Յոբելինական Սուրբ Տարին Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէն հռչակուած էր անցեալ  11 ապրիլ 2015-ին` ''Հօր նման ողորմած'' բնաբանով։

Իսկ անցեալ 1 նոյեմբեր 2015-ին. կիրակի օրուայ Մարմեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Հայրը յայտնելով իր խոր մտահոգութիւնը Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն նկատմամբ եւ Եկեղեցւոյ  մօտիկութիւնը ցուցաբերելու համար  յայտարարեց թէ  կիրակի 29 նոյեմբերին Ափրիկեան ցամաքամաս կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Պանկի քաղաքի մայր տաճարին ողորմութեան յոբելեանի Սուրբ դուռին բացումը պիտի կատարէր։

 Վերոնշեալ արարողութիւնը սկիզբ կ՛առնէ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ Մայր դռան առջեւ։

Ֆրանչիսկոս Պապ մօտենալով Սուրբ Դռան զայն կը բանայ ըսելով` ''բացէք արդարութեան դուռերը'' մինչ  սարկաւագը Եկեղեցիէն կը պատասխանէ ''պիտի մտնեմ եւ Տիրոջ շնորհակալութիւն պիտի յայտնեմ''։

Ֆրանչիսկսո Պապ  ապա կ՛ըսէ` ''Ասիկա է Տիրոջ դուռը '' եւ   Սարկաւագը կը պատասխանէ ''Թող մուտք գործեն  արդարները''։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ կ՛ըսէ ''Քու տունդ կը մտնեմ'' եւ Սարկաւագը կը պատասխանէ ''Սուրբ Տաճարիդ առջեւ կը խոնարհիմ'' ապա Ֆրանչիսկոս պապ Սուրբ Դռան սեմին լռելեան աղօթք մը կը կատարէ եւ որպէս առաջին անձ կը մտնէ Եկեղեցի ու անոր կը հետեւին հաւատացեալները ու սկիզբ կը տրուի սուրբ պատարագի արարողութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.