2015-11-28 12:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը կրօնուսոյցներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 27 նոյեմբերի երեկոյեան, Մունիոնյօ սրբավայրի տարածքին Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում ունեցաւ Ուկանտացի կրօնուսոյցներուն հետ եւ անոնց ուղղած ճառին մէջ բարձր արժեւորեց կրօնուսոյցներու աշխատանքը՝ գիւղերու եւ խրճիթներու մէջ բարի լուրը աւետելու եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կրօնուսոյցներուն ու անոնց ընտանիքներուն կրած զոհողութիւններուն համար, որոնք ծանր պայմաններու մէջ կը  կատարեն իրենց յանձնուած կարեւոր պարտականութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապ կրօնուսոյցներու աշխատանքը համարելով Սուրբ Գործ ըսաւ

՝՝Երբ պարտականութիւն մը աւելի դժուարին կը թուի  եւ խոչնդոտներով լի է, յիշեցէք թէ ձեր կատարած գործը  սուրբ է։  Սուրբ Հոգին ներկայ է այնտեղ ուր կը հռչակուի Յիսուս Քրիստոսի անունը։ Ան պիտի լուսաւորէ եւ ուժ պիտի շնորհէ ձեզի՝՝

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ ապա Ուկանտացի մարտիրոսներուն, յարելով թէ Ուկանտայի մէջ Քրիստոնեայ հասարակութիւնը աճ արձանագրեց շնորհիւ Ուկանտացի մատիրոսներուն, որոնք Մունիոնօ քաղաքին մէջ Մվանկա Թագաւորի օրով մահապատիժի դատապարտուեցան, ինչպէս նաեւ շնորհիւ Սուրբ Անտրէա Քակվայի ու անոր ընկերներուն` Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդներու վկայութեան համար։

Պատգամի աւարտին. Ֆրանչիսկոս Պապ կրօնուսոյցներուն քաջալերանքի խօսք ուղղեց ըսելով ՝՝առանց վախի յառաջ ընթացէք, այս երկրի  իւրաքանչիւր գիղի ու քաղաքին մէջ տարածելու Աստուծոյ խօսքին բարի սերմը։








All the contents on this site are copyrighted ©.