2015-11-28 09:14:00

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Քենիա առաքելական ճամբորդութիւնը եւ միջազգային մամուլը։


(Ռատիօ Վատիկան)  «International New York Times»-ը 26 Նոյեմբերի թիւին առաջին էջը յատկացուց  ֆրանչիսկոս Պապի մատնանշելով որ անոր ճառերը ուղղուած են ոչ միայն Քենիայի այլ եւ Ափրիկեան համայն ցամաքամասին ու երկրագունդին։

Իր այս այցելութիւնը մեծ յոյսեր արծարծեց ցամաքամասի ժողովուրդներուն մէջ, քանի Սրբազան Հայրը կը խթանէ զանոնք մաս կազմելու ներկայ աշխարհի կեանքին ու ընկերութեան որպէսզի չմեկուսանան ու աշխարհէն խուզուիլ։

Նորին Սրբութիւնը հազիւ ոտք կոխեց Քենիայ,  բնակչութեան սիրտը շահեցաւ, թէեւ արդէն շատ գնահատուած էր իր խոնարհ ապրելակերպին համար, Ան իր պարզ ու համեստ կեանքին պատճառաւ քենիացիներուն սիրտը գրաւեց կը գրէ Նիւ Եորք Թայմզ մատնանշելով թէ Սրբազան Հայրը համեստ ինքնաշարժ մը կը գործածէ, մինչ երկրին մէջ կը տիրէ կաշառակերութիւնը։

Նիւ Եորք Թայմզ օրաթերթը կը յայտնէ որ Քենիայի օրաթերթերը երկար յօդուածներ յատկացուցած են  ֆրանչիսկոս Պապի այցելութեան ու ամէնքը զայն կը կոչեն ''Յոյսի Պապը''։

«Daily Nation»` երկրի գլխաւոր օրաթերթը կը գրէ. Քահանայապետին այցելութիւնը պիտի հանդիսանայ երկրի ու Ափրիկէի պատմութեան մեծ դէպքերէն մէկը։

Նիւ Եորք Թայմզ կը մատնանշէ որ ֆրանչիսկոսին սէրը հանդէպ աղքատներուն հիացում կը պատճառէ. ''Մեր աղքատները, կը յայտարարէ հայր Paschal Mwjage` հովիւը Քանկեմի վրանաբնակ աղքատներուն,  տակաւին չեն հաւատար թէ ինչպէս Քահանայապետը իրենց այցելութեան եկաւ''։

«The Wall Street Journal» կ՛անդրադառնայ Քահանայապետին ճամբորդութեան առաջին հանգրուանին արտասանած ճառերուն մասին, ուր Ան շեշտը կը դնէ համաշխարհային տագնապին ու երկրի սուր ընդհարումի մասին, կոչ ուղղելով խաղաղ լուծումներ որոնելու։ Իր առաջին ճառին մէջ յստակ եղաւ Սրբազան Հօր այցելութեան յայտագիրը` երկրի խաղաղութիւնն ու հաշտութիւնը, աղքատներու պաշտպանութիւնը, երկրագունդի պահպանումը ու կառավարիչներու պարտականութիւնները հանդէպ իրենց ժողովուրդին։

«El País» սպանական օրաթերթը  մասնաւորապէս կ՛անդրադառնայ Պապին ուղղած ճառին դիւանագիտական մարմնին, ուր Նորին Սրբութիւնը կ'ըսէ աղքատներով մտահոգուիլ ոչ միայն եղբայրօգնութեան ժեստ մըն է, այլ քաղաքական բարձրորակ ընտրութիւն մըն է, իմաստուն ու հեռատես ռազմավարութիւն։ Հարկաւոր է երիտասարդներուն երաշխաւորել կայուն ու պարկեշտ աշխատանք մը, առիթ ստեղծել զարգացնելու իրենց կարողութիւնները իրենց ու ընկերութեան բարիքին համար, հակառակ պարագային անոնք պիտի շահագործուին ահաբեկիչներէն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.