(Ռատիօ Վատիկան) Քենիայի Քրիստոնէութեան հետ առաջին շփումը տեղի ունեցած է 1498-ին,՝ երբ Փորթոկալցիներ դէպի Հնդկաստան կատարած ճամբորդութեան ժամանակ կ՝անցնէին Քենիայի տարածքէն։Այս Ճամբորդութեան յիշատակներէն մին կը մնայ մինչեւ օրս պահպանուած Մալինտի քաղաքին մէջ գտնուող, բարձր սիւնի մը վրայ զետեղուած խաչը որուն հեղինակն է անուանի Վասքօ Տէ Կաման։
1500 թուականներուն, Ակոստինեան միաբանութեան հայրերը եղած են առաջին Աւետարանիչները ։
1631-ին Մոմպասա մարզի Սուլթանը հսկայ հալածանք մղած է քրիստոնեաներուն դէմ, որոնց նահատակութեան յիշատակը կը նշուի ամէն տարին 21 օգոստոսին՝ Մոմպազայի 150 նահատակներուն անունով եւ որոնց երանացման դատը սկիզբ առած է արդեն։
ԺԹ դարու կէսին, Քենիայի ժողովուդներու Աւետարանացումը նոր թափ կ՝առնէ ՝՝Սուրբ Հոգի՝՝ անուան միաբանութեան հայրերու ջանքերով, որոնց եպիսկոպոսը կը հաստատուի Զանզիպար կղզիին մէջ։
1860-1953 երկարող տարիներուն , զանազան կաթողիկէ միսիոնարական միաբանութիւններ կը հաստատուին Քենիայի մէջ ուր՝ 1953-ին կը հիմնուի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը, Նայրոպի , Քիսումու եւ Մէրուի մէջ կաթողիկէ թեմերու ստեղծումով։
1957-ին, կ՛օծուի Քենիացի առաջին Եպիսկիպոսը որ ապա 1973 կը դառնայ առաջին Քենիացի Կարդինալ։
1985-1995 երկարող տարիներուն Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Քահանայապետ երեք անգամուայ համար կ՝այցելէ երկիրը։
Նայրոպի քաղաքի թեմը
Նայրոպի քաղաքը ունի 5,156.222 բնակչութիւն որուն 2,942,093 քրիստոնեաներ են։
Թեմը կազմակերպուած է իր 106 ժողովրդապետութիւններով եւ այլ 16 եկեղեցիներով կամ առաքելական կեդրոններով։
Այնտեղ կը գործեն 168 թեմական քահանաներ եւ 406 կրօնաւորներ։ Թեմը ունի 336 դաստիարակչական հաստատութիւններ եւ 153 բարեսիրական կազմակերպութիւններ։
Թեմին արքեպիսկոպոսն է Կարդինալ Ժոն Նիու
All the contents on this site are copyrighted ©. |